Որոնել

Papa Leone XIV celebra messa per i Carabinieri a Castel Gandolfo

Յիսուսի եղբայրներն ու քոյրերն ենք, երբ կը կատարենք Աստուծոյ կամքը. Լեւոն ԺԴ

Սրբազան Քահանայապետը Պատարագ մատուցեց Քասթել Կանտոլֆոյի «Քարապիների» զինուորական Մարմնի կեդրոնի մատրան մէջ։ Սուրբ Զոհի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը քարոզը կեդրոնացուց եղբայր եւ քոյր բառերու քրիստոնէական իմաստին վրայ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի` 15 Յուլիսի առաւօտեան ժամը ինին Լեւոն ԺԴ Սրբազան Քահանայապետը Պատարագ մատուցեց Քասթել Կանտոլֆոյի «Քարապիների» զինուորական Մարմնի կեդրոնի մատրան մէջ, ի ներկայութեան Իտալիոյ Պաշտպանութեան նախարար Տիար Կուիտօ Քրոզեթթոյի, «Քարապիներիներու» ընդհանուր հրամանատար` Սալվաթորէ Լունկոյի եւ Իտալիոյ զինուորական Մատրանապետ Գերապ. Ճան Ֆրանքօ Սապայի։

Սուրբ Զոհի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը քարոզը կեդրոնացուց եղբայր եւ քոյր բառերու քրիստոնէական իմաստին վրայ։

«Աւետարանը մեզի կու տայ այս երկու բառերու իսկական քրիստոնէական իմաստը։ Եղբայրն ու քոյրը յարաբերութիւններու անուններ են, որոնք մենք յաճախ կը կրկնենք պատարագի ժամանակ, որպէս ողջոյն, որպէս մտերմութեան և սիրոյ նշաններ։ Յիսուս՝ Աստուծոյ Միածին Որդին, անոնց իմաստը կը բացատրէ... Իրօք, մենք բոլորս իսկապէս Յիսուսի եղբայրներն ու քոյրերն ենք, երբ կը կատարենք Աստուծոյ կամքը, այսինքն՝ երբ կ՛ ապրինք զիրար սիրելով, ինչպէս Աստուած սիրած է մեզ», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով, որ «Աստուծոյ սէրը այնքան մեծ է, որ Յիսուս իրեն չի վերապահեց ոչ իսկ մայրը, Մարիամը յանձնելով մեզի` որպէս Մայր, խաչի ժամուն»։

Մարիամը Յիսուսի մայրն է այն պատճառով, որ ԱՆ ընդունեց և ապրեցաւ Աստուծոյ Խօսքով` սիրով և հաւատարմութեամբ։ Սուրբ Օգոստինոսը կը հաստատէ, որ Մարիամը աւելի մեծ է` որպէս աշակերտ, քան որպէս կենսաբանական մայր, նկատել տուաւ ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը եւ յիշեց որ վերջերս նշուեցաւ «Virgo Fidelis - Հաւատարիմ Կոյս»-ին «Քարապիներիներու» զինուորական Մարմնին որպէս պաշտպան սրբուհի հռչակման 75 ամեակը, որ տեղի ունեցաւ ճիշտ այստեղ Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ` 1949-ին Պիոս ԺԲ. Քահանայապետի օրով։

Ասկէ մեկնելով Ան Մարիամին հաւատարմութիւնը ներկայացուց որպէս Քարապինիերիներու տիպար, խորհրդանիշը անոնց յանձնառումին ի նպաստ հասարակաց բարիքին, արդարութեան, անվտանգութեան եւ աւելիով դիւրաբեկներու պաշտպանութեան։

Նորին Սրբութիւնը առ այդ շնորհակալութիւն յայտնեց Զինուորական Մարմնի անդամներուն, անոնց Իտալիոյ եւ Սուրբ Աթոռին մատուցած ծառայութեան համար, յատկապէս այս Յոբելենական տարուայ ընթացքին, ապա ակնարկեց անոնց կարգախօսին` որ է «հաւատարիմ` դարերու հոլովոյթին», որ, ըսաւ Ան, պէտք է ըլլայ ուղեցոյց նաեւ դժուար ժամանակներու ընթացքին։

Լեւոն ԺԴ. հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց պատարագին մասնակցող քաղաքական ու զինուորական իշխանութիւններուն. «Յատկապէս պատերազմի և բռնութեան այս ժամանակաշրջանին մէջ հաւատարիմ մնացէք ձեր երդումին՝ որպէս պետութեան ծառաներ, յանցագործութեան պատասխանեցէք օրէնքի ուժով և ազնուութեամբ» ըսաւ Քահանայապետը, որ քարոզի աւարտին ուզեց յիշել նաեւ բոլոր անոնք որոնք իրենց կեանքը զոհեցին` իրենց պարտականութիւնը կատարելու ժամանակ, ապա բոլորը յանձնեց երանաշնորհ Սալվօ Տ՜աքուիսթոյին որուն Երանացման դատը ընթացքի մէջ է։

«Թող` որ հաւատարմութեան կոյսը ձեզի ընկերանայ իւրաքանչիւր առաքելութեան մէջ` սիրով հսկելով ձեզմէ իւրաքանչիւրի, ձեր ընտանիքներու և ձեր աշխատանքին վրայ» ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով քարոզը։

Յայտնենք` որ Սրբազան Քահանայապետը պատարագէն ետքը Քասթել Կանտոլֆոյի առաքելական պալատ դառնալէն առաջ այցելութիւն տուաւ Albano Laziale գիւղաքաղաքի Անարատ Յղութեան Մենաստանի քլարիս մայրապետներու հասարակութեան։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/07/2025, 11:18