Որոնել

2025.07.25 Videomessaggio ai Catechisti Vietnamiti

«Կաթողիկէ համալսարաններ, գիտելիքի բեմայարդարներ»

Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը Կաթողիկէ համալսարաններու միջազգային դաշնութեան գլխաւոր ժողովի մասնակցողներուն
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը պատգամ մը յղած է Կաթողիկէ համալսարաններու միջազգային դաշնութեան գլխաւոր 28-րդ ժողովի մասնակցողներուն որոնք համախմբուած են Մեքսիքոյի Կուտալայարա քաղաքին մէջ եւ այս տարի կը նշեն իրենց հիմնադրութեան հարիւր ամեակը «Կաթողիկէ համալսարաններ, Գիտելիքի բեմայարդարներ» բնաբանով։

«Այս մէկը գեղեցիկ արտայայտութիւն մըն է որ կը հրաւիրէ ներդաշնակութեան, միութեան ուրախութեան եւ շարժականութեան. Եւ այս ոլորտէն ներս մենք պէտք է հարց տանք ինչ տեսակ երաժշտութիւն կը նուագենք» գրեց Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր մասնակցողներուն։

Արդարեւ ըստ Անոր Կաթողիկէ համալսարանները պէտք է դիմադրեն ժամանակակից աշխարհի «սիրենային երգերուն» և հաւատարիմ մնան իրենց առաքելութեան՝ դառնալ «մտքի ուղեւորութիւններ դէպի Աստուած», ինչպէս կը նշէ Սուրբ Պոնավենթոուրան։

Մէջբերելով ապա Սուրբ Օգոստինոսին խօսքերը Սրբազան Պապը ի յայտ դրաւ, որ մարդկային հոգին կարիքը ունի Աստուծոյ լոյսին, որպէսզի լուսաւորուի ու հասկնայ ճշմարտութիւնը։

Ակադեմիական ոլորտէն ներս աշխարհի այլ տեսակէտներու հետ երկխօսութիւնը կարևոր է, բայց ան միշտ պէտք է սկսի Քրիստոսէն, որ խորթ չէ մարդկային բանականութեան, այլ բանալին է, որ իմաստ և միութիւն կը պարգեւէ մտքին:

Քրիստոս-Իմաստութիւնը, ըստ Սուրբ Թովմասի, հաւատքի և մարդկային բանականութեան հանդիպման կէտն է և ճշմարիտ գիտելիքի հիմքը, հաստատեց ի միջի այլոց Լեւոն ԺԴ. ապա խրախուսեց Կաթողիկէ Համալսարանները Քրիստոսէն չի հեռանալու, եւ չյարաբերականացնելու զայն, այլ զայն դնելու իրենց հետազօտութիւններու և երկխօսութեան կեդրոն, զայն դարձնելով ուղեցոյց մը, որ կ՜առաջնորդէ համալսարանական հաստատութիւններու գործերը, «որպէսզի Անոր սիրառատ գիտելիքները խթան հանդիսանան նոր աւետարանութեան մը` կաթողիկէ բարձրագոյն կրթութեան ներքոյ», գրեց Սրբազան Քահանայապետը պատգամի աւարտին որ եզրափակեց բոլորին շնորհելով իր օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/07/2025, 22:00