Որոնել

Papa-Mattarella, i conflitti tra i temi del confronto

Լեւոն ԺԴ. նախագահ Մաթթարելլային. երախտապարտ խաղաղութեան գործին մէջ անխոնջ ծառայութեան համար

«Կը կիսեմ այս բարեբախտ տարեդարձի ուրախութիւնը բոլոր անոնց հետ որոնք ձեզի մօտիկ են ու ձեզի կ՛ընկերանան սիրով և երախտագիտութեամբ՝ ժողովուրդներու միջև խաղաղութեան և ներդաշնակութեան գործին ձեր օրինակելի և անխոնջ ծառայութեան համար», - գրած է Սրբազան Պապը
Ունկնդրէ լուրը

Վատիական Նիուզ - Հայկական բաժանմունք

 Այսօր` հինգշաբթի 24 Յուլիս 2025-ին Քահանայապետը Իտալիոյ նախագահ Տիար Սերճօ Մաթթարելլային ուղղեց հեռագիր մը` որով շնորհաւորեց անոր, այսօր յիշատակուող 84-րդ տարեդարձը, ապահովեցնելով իր աղօթքները, «այն վեհ գործին համար, զոր Ան կը կատարէ անձնազոհութեան հոգիով՝ ի շահ սիրեցեալ իտալացի ազգի միութեան»։

«Կը կիսեմ այս բարեբախտ տարեդարձի ուրախութիւնը բոլոր անոնց հետ որոնք ձեզի մօտիկ են ու ձեզի կ՛ընկերանան սիրով և երախտագիտութեամբ՝ ժողովուրդներու միջև խաղաղութեան և ներդաշնակութեան գործին ձեր օրինակելի և անխոնջ ծառայութեան համար», - գրած է Սրբազան Պապը հեռագիրին մէջ Իտալիոյ Նախագահը վստահելով «Իտալիոյ պաշտպան սուրբերու եւ Սուրբ Կոյս Մարիամի մայրական բարեխօսութեան» անոր, պարգեւելով առաքելական օրհնութիւնը ու զայն տարածելով ընտանեկան պարագաներուն, համագործակիցներուն ու համայն երկրին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/07/2025, 11:40