Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Ընդունեց Մոնթենեկրոյի վարչապետը Լեւոն ԺԴ. Ընդունեց Մոնթենեկրոյի վարչապետը  (@VATICAN MEDIA)

Լեւոն ԺԴ. Ընդունեց Մոնթենեկրոյի վարչապետը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը տեղեկացուց, որ այսօր Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց Մոնթենեկրոյի վարչապետը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 4 յուլիսին, Վատիկանի Առաքելական պալատի Իր գրասենեակին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Մոնթենեկրոյի վարչապետ, տիար Միլոժքօ Սփաժիչ։ Վարչապետը ապա հանդիպեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, ընկերակցութեամբ Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութեան քարտուղար, գերպ Փոլ Ռիչար Կալլակերին։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք, որ ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումի ընթացքին գոհունակութեամբ բարձր գնահատուած է երկու կողմերու միջեւ գոյացած բարի յարաբերութիւնները, քննարկումի նիւթ եղած են նաեւ Պետութիւն- եկեղեցի միջեւ յարաբերութիւններու վերաբերող շարք մը հարցեր։

Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցերու, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Եւրոպական Միութեան ընդլայնման՝ ներառնելով Արեւմտեան Պալքանեան երկիրները, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/07/2025, 14:24