Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը եւ Ուքրանիոյ նախագահ Զելենսքին Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը եւ Ուքրանիոյ նախագահ Զելենսքին  (@Vatican Media)

Քահանայապետը ընդունեց Զելենսքին վերահաստատելով Վատիկանի մէջ բանակցութիւններ վարելու Իր պատրաստակամութիւնը

Լեւոն ԺԴ. Պապին եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի միջեւ կայացած հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան խաղաղութեան, երկխօսութեան, աղօթքի եւ մարդասիրական աջակցութեան նիւթեր։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 9 յուլիսին, Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոցի մէջ տեղի ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին եւ Ուքրանիոյ նախագահ, Վլատիմիր Զելենսքիի միջեւ հանդիպում, որուն ընթացքին քննարկուեցան խաղաղութեան, երկխօսութեան, աղօթքի եւ մարդասիրական աջակցութեան նիւթեր։

Գրեթէ կէս ժամ տեւած հանդիպումի ընթացքին Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ընդգծեց երկխօսութեան կարեւորութիւնը՝ ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու համար, ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերուն համար եւ վերահաստատեց Իր պատրաստակամութիւնը բանակցութիւններուն համար Վատիկանի մէջ ընդունելու Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ ներկայացուցիչները։

Նախագահ Զելենքին քահանայապետին նուիրեց Ուքրանական սրբապատկերներ ու անոնք միասին Վիլլա Պարպերինի պալատի պատշգամէն ողջունեցին ամբոխը։

Ուքրանիոյ նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց Պապին աջակցութեան համար ու օգնութիւն հայցեց Ռուսիա արտաքսուած Ուքրանացի մանուկներուն եւ  պատերազմի աւարտին համար յոյս յայտնելով համաշխարհային առաջնորդներու միջեւ բարձր մակարդակով հանդիպումի մը վերաբերեալ։

Սա Լեւոն ԺԴ. Պապի եւ Ուքրանիոյ նախագահի միջեւ երկրորդ հանդիպումն է անցեալ մայիս ամիսին կայացած ունկնդրութենէն յետոյ եւ Վատիկանի՝ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութիւնը խթանելու դիւանագիտական ջանքերուն մէկ մասն է։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/07/2025, 16:11