Որոնել

Պաղեստին, եկեղեցի Պաղեստին, եկեղեցի  (AFP or licensors)

Քահանայապետին կոչը Կազայի համար. Թող անմիջապէս հրադադար հաստատուի, թող Երկխօսութիւն եւ խաղաղութիւն տիրէ տարածաշրջանին մէջ

Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիերթօ Փարոլինի կողմէ ստորագրուած հեռագիրին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապ իր «խոր տխրութիւնը» յայտնեց Սուրբ Ընտանիք ժողովրդապետութեան վրայ այսօր տեղի ունեցած յարձակումի կապակցութեամբ։ Քահանայապետը իր հոգեւոր մօտիկութիւնն ու աղօթքները ապահովեցուց յարձակումին ժամանակ վիրաւորուած Հայր Ռոմանելլիին եւ ժողովրդապետութեան ողջ հասարակութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց, որպէսզի Կազայի մէջ անմիջապէս հրադադար հաստատուի եւ յոյս յայտնեց «երկարատեւ խաղաղութեան» համար

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կազայի մէջ Կաթողիէ Սուրբ Ընտանիքի դէմ կատարած Իսրայելի ռազմական յարձակումէն ետք, Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի կողմէ ստորագրուած հեռագիրին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը՝  վերանորոգեց իր կոչը Կազայի մէջ անմիջապէս հրադադար հաստատուելու համար ու Իր խոր մաղթանքը յայտնեց տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան եւ հաշտութեան համար, Յարձակումի հետեւանքով զոհուած եւ վիրարուած են մի քանի հոգիներ, որոնց շարքին Սուրբ Ընտանիքի ժողովրդապետ Հայր Կապրէլ Ռոմանելլի, որուն ոտքը թեթեւ վնասուածք ստացած է անմիջապէս բուժ օգնութիւն ստացած է Կազայի Ալ Ահիլ Հիւանդանոցին մէջ։

Հեռագիրին մէջ Լեւոն ԺԴ Պապ իր խոր տխրութիւնը կըե յայտնէ ժողովրդապետութեան վրայ այս յարձակումին համար, որ պատերազմի սկիզբէն ի վեր ապաստան տուած է աւելի քան 500 փախստականներուն։ Քահանայապետը վստահելով զոհերու հոգիները Ամենակարող Աստուծոյ ողորմութեան, իր հոգեւոր մօտիկութիւնը կ՝ապահովուէ ողջ համայնքին, ինչպէս նաեւ աղօթքը՝ սգացողներու մխիթարութեան եւ վիրաւորներուն ամոքումին համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/07/2025, 14:28