Որոնել

 Պաղեստին Պաղեստին  (AFP or licensors)

Հեռախօսազրոյց Պապին եւ Մահմուտ Ապպասին միջեւ։ Լեւոն ԺԴ. Պաշտպանել քաղաքայինները եւ սուրբ վայրերը

Պաղեստինի պետութեան նախագահի հետ զրոյցի ընթացքին Քահանայապետը վերահաստատեց իր կոչը՝ յարգելու միջազգային մարդասիրական իրաւունքը ի տես Կազայի եւ Այսր յորդանանի հատուածին մէջ հակամարտութեան վերջին զարգացումներուն։ Նորին Սրբութիւնը յորդորեց դէմ կանգնիլ ուժի անխտիր օգտագործումին, ինչպէս նաեւ բնակչութեան հարկադիր տեղափոխումին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 21 յուլիսին, առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Պապը հեռաձայն ստացաւ Պաղեստինի պետութեան նախագահ Մահմուտէն, Կազայի եւ Այսր յորդանանի հատուածին մէջ վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ։ Այս մասին յայտարարեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հաղորդագրութեամբ մը։

Յարգել մարդասիրական միջազգային իրաւունքը

Հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք որ Հեռախօսազրոյցի ընթացքին Լեւոն ԺԴ- Քահանայապետը դարձեալ կոչ ըրած է միջազգային մարդասիրական իրաւունքը լիովին յարգելու համար, ընդգծելով քաղաքայինները եւ սուրբ վայրերը պաշտպանելու պարտաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ուժի անխտիր կիրառման եւ բնակչութեան հարկադիր տեղափոխումի արգելքը։

Հաշուի առնելով ողբերգական մարդասիրական իրավիճակը, գրուած է Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակին հաղորդագրութեան մէջ, ընդգծուած է հակամարտութեան հետեւանքներէն ամենէն շատ տուժած անձերուն օգնութիւնը ցուցաբերելու , ինչպէս նաեւ մարդասիրական օգնութեան համարժէք հասանելիութիւնը ապահովուելու հրատապութիւնը։

Լեւոն ԺԴ Պապը յիշած է «Սուրբ Աթոռի եւ Պաղեստինի Պետութեան միջեւ համապարփակ համաձայնագիրի տասնամեակի ուրախալի տարեդարձը» որ ստորագրուած է 2015 թուականին, յունիս 26ին, եւ ուժի մէջ մտած է 2016 թուականին յունուար 2ին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/07/2025, 14:55