Որոնել

2025.07.09 lettere per Leone XIV

Ամէն օր 100 քիլոկրամ նամակներ Լեւոն ԺԴ.ին

Արդարեւ կեդրոնի պատասխանատու Անթոնելլա Քիլտիքիմոյի համար Ռոպերթ Փրեսվոսթի ընտութերնէն ետքը 8 Մայիս 2025-ին նամակներու քանակի հոսքը շարունակական է ու առ այժմ կարելի չէ հասկնալ թէ այդ նամակներուն ամենամեծ թիւը որ երկիրէն կու գայ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

“To His Holiness Pope Leo”, “Per Sua Santità”, այսպէս հասցէագրուած են այն հարիւր հազարաւոր նամակները, որոնք ամէն օր կը հասնին Ֆիումիչինօ քաղաքի Իտալական Նամակատան կեդրոն եւ որոնք ապա կը յանձնուին Վատիկան Պետութեան։ Անոնց քանակը կը գերազանցէ օրական 100 քիլոկրամը եւ այս մէկը կը հաղորդէ նոյնինքն Իտալիոյ Նամակատան ընկերութիւնը, այս առնչութեամբ հրատարակած հաղորդագրութեան մը մէջ։

Քահանայապետին ուղղուած նամակներ
Քահանայապետին ուղղուած նամակներ   (© poste italiane)

Արդարեւ կեդրոնի պատասխանատու Անթոնելլա Քիլտիքիմոյի համար Ռոպերթ Փրեսվոսթի ընտութերնէն ետքը 8 Մայիս 2025-ին նամակներու քանակի հոսքը շարունակական է ու առ այժմ կարելի չէ հասկնալ թէ այդ նամակներուն ամենամեծ թիւը որ երկիրէն կու գայ։

Թէեւ, դժուար է անշուշտ հասկնալ նամակներու բովանդակութիւնը, սակայն յաճախ ծրարի վրայ նկարը գուշակել կու տայ թէ անիկայ գրուած է մանուկի մը կամ տարեց մարդու դողդոջուն ձեռքերով, որ Սրբազան Պապին կը վստահի որևէ միտք կամ խնդրանք։ Հաստատ է, որ իւրաքանչիւր բացիկ կամ հաղորդագրութիւն իր մէջ կը պարունակէ ուղարկողի արժէքաւոր ու սրտին խօսող մէկ մասնիկը։ 

Քահանայապետին ուղղուած նամակներ
Քահանայապետին ուղղուած նամակներ   (© poste italiane)

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/07/2025, 07:18