Լեւոն ԺԴ. Պապը. Բռնութեան դէմ պայքարի խթանման ջանքերը աւելի անհրաժեշտ են քան երբեւէ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը պատգամ մը ուղղեց «Pax Christi Usa» Ամերիկեան կաթողիկէ համալսարանի կիսամեայ ընդհանուր ժողովին մասնակիցներուն։
Նորին Սրբութիւնը պատգամը սկսաւ նկատել տալով, որ «Այս պահուն՝ ուր մեր աշխարհը կը գտնուի դիմագրաւելու մէջ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, որոնց շարքին լայնածաւալ զինուած հակամարտութիւններ, ժողովուրդներու միջեւ պառակտումներ եւ հարկադիր գաղթի հետ կապուած մարտահրաւէրները, բռնութեան դէմ պայքարի խթանման ջանքերը աւելի անհրաժեշտ են քան երբեւէ»։
Յիշելով ապա Խաչելութեան բռնութենէն ետք Քրիստոսի Իր աշակերտներուն յղած խաղաղութեան բառերը, Քահանայապետը կրկնեց անցեալ 8 մայիս 2025ին, «Urbi et Orbi» Հռոմ քաղաքի եւ համայն աշխարհի օրհնութենէն առաջ յղած խօսքերէն հետեւեալ նախադասութիւնը. «Անզէն խաղաղութիւն եւ զինաթափող, խոնարհ եւ յարատեւ խաղաղութիւնը (Urbi et Orbi, 8 մայիսն 2025)
Պատգամին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը նկատել տուաւ, որ «Յիսուս կը շարունակէ Իր հետեւորդները ուղարկել աշխարհի մէջ, որպէսզի խաղաղութեան ստեղծագործներ դառնան իրենց առօրեայ կեանքին մէջ» շեշտելով, որ «Ժողովրդապետութիւններու, թաղամասերու, յատկապէս արուարձաններու մէջ, առաւել կարեւոր է՝ որ հաշտութեան կարող եկեղեցին ներկայ եւ տեսանելի դառնայ»։ (Պատգամ Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի, 17 յունիս 2025)։
Պատգամին մէջ Քահանայապետը իր աղօթքը ապահովուեց, որպէսզի այս հանդիպումը ներշնչէ Pax Christi USA բոլոր անդամները աշխատելու՝ իրենց տեղական համայնքները, խաղաղութեան տուներ վերածելու ուղղութեամբ ու երկխօսութեամբ միջոցաւ թշնամութիւնը չէզոքացնեն, ուր արդարութիւն կը կիրարկուի ու ներումը կը պահպանուի։ «Այս ձեւով պիտի կարենաք օգնել բազմաթիւ անձերուն՝ ընդունելու Սուրբ Պօղոսի խօսքերը եղբայրներու եւ քոյրերու հետ խաղաղութեան մէջ ապրելու», նշեց Սրբազան Հայրը ու պատգամը եզրափակեց Կաթողիկէ համալսարանի ընդհանուր ժողովը յանձնելով Եկեղեցւոյ Մայր, Աստուածամօր բարեխօսութեան եւ որպէս երկնային առատ շնորհքներու նշան փոխանցեց իր առաքելական օրհնութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
