Որոնել

2025.07.23 Capitolo Generale dell'Ordine dei Frati Predicatori Domenicani

Լեւոն ԺԴ. Տոմինիքեան միաբանութեան. Հռչակեցէք բարի լուրը այսօրուայ մեծ մարտահրաւէրներուն դիմաց

Քահանայապետը պատգամ մը յղած է Քարոզողներու միաբանութեան մեծաւոր Հայր Թիմոնէր Գ, Լեհաստանի Քրաքովիա քաղաքին մէջ կայացած Միաբանութեան տարածքային մեծաւորներու ընդհանուր Ժողովի ընթացքին որ պիտի տեւէ մինչեւ 8 օգոստոս։ Սրբազան Պապը քարոզչութեան տարբեր ձևերու թեման կը սահմանէ որպէս շատ տեղին՝ չորս լսարաններու համար. Անոնց որոնք տակաւին Յիսուսը չեն ճանչնար, քրիստոնեայ հաւատացեալներուն, անոնց որոնք հեռացած են Եկեղեցիներէն և երիտասարդներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յոբելենական տարուայ ընթացքին ընդհանուր ժողով՝ որպէս «նորոգման հնարաւորութիւն», որ հիմնուած է «երբեք չհիասթափեցնող յոյսի» և այն գիտակցութեան վրայ, «որ Տէրը ձեզ կոչած է որպէս քարոզիչներ՝ այսօրեայ եզակի մարտահրաւէրներու պայմաններուն մէջ հռչակելու բարի լուրը»։ Այս է այն ինչ որ կը բաղձայ Լեւոն ԺԴ. Պապը Հայր Ֆրանսիսքօ Թիմոնէր Գ.-ին, Տոմինիքեան Քարոզիչներու Միաբանութեան Աբբահօր ուղղած պատգամին մէջ, Միաբանութեան տարածքային ընդհանուր մեծաւորներու ընդհանուր Ժողովին առիթով որ տեղի կ՛ունենայ Քրաքովիա քաղաքին մէջ 17 Յուլիսէն մինչեւ 8 օգոստոս 2025։

Սրբազան Քահանայապետը պատշաճ կը համարէ անոնց Ժողովին համար ընտրած նիւթը, որով պիտի քննարկեն ինչպէս դիմագրաւել քարոզներու տարբեր ձեւերը չորս լսարաններու. Անոնց համար` որոնք տակաւին Յիսուսը չեն ճանչնար, քրիստոնեայ հաւատացեալներուն, անոնց համար` որոնք հեռացած են Եկեղեցիներէն և երիտասարդներուն համար։

Լեւոն ԺԴ ապա կ՛աղօթէ, որպէսզի Ընդհանուր Ժողովին որոշումները թոյլ տան Տոմինիքեան միաբանութեան ուշադրութեամբ ունկնդրել Սուրբ Հոգին, որ «կը շարունակէ առաջնորդել Եկեղեցին ճշմարտութեան լիութեան մէջ»։

Ան ապա կը մաղթէ` որ եղբայրութեան եւ աղօթքի ապրուած փորձառութիւնը «ամրացնէ հաղորդութեան կապերը» ու ներշնչէ զանոնք ապրելու իրենց կոչումը որպէս «հայեցողական քարոզիչներ»։

«Այս ձեւով հաւատարիմ մնալով ձեր հիմնադիրի խարիզմին ու հոգեւորականութեան պիտի շարունակէք ձեր առաքելութիւնը Եկեղեցւոյ սրտին մէջ» գրած է Նորին Սրբութիւնը պատգամի աւարտին։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/07/2025, 07:58