Որոնել

Կազա, Պաղեստին Կազա, Պաղեստին 

Լեւոն ԺԴ. Աշխարհը այլեւս կարող չէ հանդուրժել պատերազմը

Ալպանօ գիւղաքաղաքի մայր տաճարին մէջ Սուրբ Պատարագ մատուցանելէ ետք, Լեւոն ԺԴ. Պապը զրոյց ունեցաւ մի քանի լրագրողներուն հետ։ Խօսելով Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահուի հետ իր զրոյցի մասին ընդգծեց « Կրօնական բոլոր Սուրբ Վայրերու» եւ խաղաղութեան համար աշխատելու կարեւորութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Աղօթենք խաղաղութեան համար եւ համոզենք կողմերը նստելու եւ բանակցելու համար, ըսաւ Լեւոն ԺԴ. Պապը Ալպանօ գիւղաքաղաքի Մայր տաճարէն ներս սուրբ Պատարագը մատուցանելէ ետք եկեղեցիէն մեկնելու ժամանակ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին։ Քահանայապետը հրաւիրեց երկխօսութեան եւ ամէնէն առաջ զէնքերը վար դնելու։

… Քանի որ աշխարհը այլեւս կարող չէ հանդուրժել դա, այնքան շատ հակամարտութիւններ, այնքան շատ պատերազմներ կան։ Մենք պէտք է իսկապէս աշխատիլ խաղաղութեան համար, վստահութեամբ աղօթենք Աստուծոյ բայց նաեւ աշխատինք։

Անդրադառնալով Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահուի հետ անցեալ հինգշաբթի օրը Կազայի Սուրբ Ընտանիքի ծխական համայնքի վրայ կատարուած յարձակումէն ետք իր հեռախօսազրոյցի մասին, Լեւոն ԺԴ. Պապը վերահաստատեց «բոլոր կրօններուն սուրբ վայրերը պաշտպանելու կարեւորութիւնը, մարդկանց նկատմամբ համատեղ աշխատելով, «այսքան բռնութեան, այսքան ատելութեան, այնքան պատերազմներու վերջ դնելու համար»։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/07/2025, 12:23