Հռոմի մէջ պայթում. Լեւոն ԺԴ. Պապ մօտէն կը հետեւի արկածի զարգացումներուն։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 4 յուլիսին, առաւօտեան կանուխ ժամերուն, 8, 15ին, Հռոմի մէջ լսուեցաւ պայթումի զօրաւոր ձայն մը, որ զգացուեցաւ Մաքսա Ռուպրայէն, Մոնթէսաքրօ, Փորթուենսէ շրջանէն մինչեւ Վալլէ Աուրելիա, ինչպէս նաեւ Վատիկանի մէջ։ Շատեր կարծեցին, անիկա ռումբ մըն էր հաշուի առնելով ծուխի մեծ ամպը, որ տեսանելի դարձաւ պայթումի թաղամասի սահմաններէն անդին։
Ըստ հրշէջներուն ծառայութեան պայթումը տեղի ունեցաւ պենզին կայանի մը մէջ , բաշխումի համակարգը սնուցող օդամուղի սարքի անջատումի պատճառով, որ ահ ու սարսափի մատնեց ողջ Հռոմի բնակիչները։
Լեւոն ԺԴ Պապին գրառումը.
Լեւոն ԺԴ. Պապը եւս ինը լեզուներով տարածուած @Pontifex, Իքս ընկերային ցանց էջին վրայ գրառումով մը իր մօտիկութիւնը յայտնեց այս «ողբերգական արկածի»համար.
«Կ՝աղօթեմ, այս առաւօտուն իմ թեմիս սիրտին մէջ գտնուող Պրէնէսթինօ Լապիքանօ թաղամասի պենզինի կայանի մէջ տեղի ունեցած պայթումի մէջ ներգրաւուած մարդոց համար։ Ես կը շարունակեմ անհանգստութեամբ հետեւիլ այս ողբերգական արկածի զարգացումներուն», գրեց Նորին Սրբութիւնը։
Պենզինի կայանի մէջ պայթումէն ետք, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը անմիջապէս ընկերային ցանցը ընտրելով իր մտահոգութիւնը յայտնեց մասնաւորապէս իր զօրակցութիւնը Բրէնէսթինօ Թաղամասին բնակիչներուն, որոնք ահ ու սարսափի մատնուեցան պենզինի կայանի պայթումի հետեւանքով։ Քահանայապետը իր մօտիկութիւնը յայտնեց վիրաւորներուն, որոնք նախնական տուաելներուն համաձայն 21 անձեր են, որոնց շարքին ինը ոստիկան, մէկ հրշէջ եւ մէկ փրկարար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
