Քահանայապետը այցելեց «Քասթել Կանտոլֆօ»՝ տեղափոխուելէ մի քանի օր առաջ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Այցելութիւն՝ աշխատանքներու ընթացքը ստուգելու համար՝ Քասթել Կանտոլֆոյի Վիլլա Պարպերինի ամառնային պալատ տեղափոխուելէ առաջ։ Լուրը Հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշուած է որ Լեւոն ԺԴ Պապը Քասթել Կանտոլֆօ ժամանեց 3 յուլիսն, ուր կիրակի 6 յուլիսէն մինչեւ 20 յուլիս պիտի տեղափոխուի հանգստանալու համար։
14 օրերուն ընթացքին քահանայապետը, կիրակի 13 յուլիսին, առաւօտեան ժամը 10ին, պիտի պատարագէ Վիլլանովայի Քահանայապետական Սուրբ Թովմաս ժողովրդապետութեան մէջ։ Ապա կէսօրին, Ազատութեան անուան հրապարակէն պիտի արտասանէ կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։
Կիրակի 20 յուլիսին, առաւօտեան ժամը 9,30,ին, Նորին Սրբութիւնը սուրբ Պատարագ պիտի մատուցէ Ալպանոյի մայր տաճարէն ներս։ Նոյն օրը ժամը 12ին, Ազատութեան անուան հրապարակէն պիտի արտասանէ Մարեմեան աղօթքը, հուսկ յետմիջօրէին պիտի վերադառնայ Վատիկան։
Յուլիս ամսուան ընթացքին պիտի դադրին Քահանայապետին առանձնական եւ հրապարակային ունկնդրութիւնները, որոնք պիտի վերսկսին չորեքշաբթի, 30 յուլիսին։ Յառաջիկայ օրերուն պիտի նշուի Երիտասարդներուն յոբելեանը, որուն նախատեսուած է Պապին ներկայութիւնը։
Նշենք, թէ անցեալ 29 մայիսին, Լեւոն ԺԴ. Պապ ժամանեց Քասթել Կանտոլֆօ շրջանը այցելելու համար «Borgo Laudato si աւանի ծրագիրը, որ ստեղծուած էր Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ 2023 թուականին, Քահանայապետական Պալատներուն տարածքներէն ներս, որպէս ընդհանուր տան նիւթերուն շուրջ դաստիարակութեան վայր ու օրինակ « համապարփակ բնապահպանութեան» հիմք ունենալով տասը տարի առաջ հրապարակուած «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականը։ Այդ առթիւ, Լեւոն ԺԴ. Պապը այցելեց Քասթել Կանտոլֆոյին պալատը, զոր 2016ին, Ֆրանչիսկոս Պապ վերածած էր այցելուներուն համար թանգարանի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
