Սրբազան Քահանայապետին այցը «Albano Laziale»ի Անարատ Յղութեան Մենաստանի Քլարիս մայրապետներուն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Պապը երեքշաբթի` 15 Յուլիսի առաւօտեան ժամը ինին Քասթել Կանտոլֆոյի «Քարապիների» զինուորական Մարմնի կեդրոնի մատրան մէջ մատուցած պատարագէն ետքը Քասթել Կանտոլֆոյի առաքելական պալատ դառնալէն առաջ այցելութիւն տուաւ «Albano Laziale» գիւղաքաղաքի Անարատ Յղութեան Մենաստանի Քլարիս մայրապետներու հասարակութեան ուր պահ մը աղօթեց անոնց հետ։
Ան ապա հանդիպում ունեցաւ եւ զրուցեց մենաստանի մէջ ապրող մայրապետներուն հետ ողջունելով անոնցմէ իւրաքանչիւրը ու հաստատելով որ «Գեղեցիկ է որ Եկեղեցին ծանօթանայ ձեր կեանքին» որովհետեւ անիկայ թանկարժէք վկայութիւն է։
Հանդիպումի աւարտին ու նախ քան միասնաբար Հայր Մեր աղօթքը արտասանելը Լեւոն ԺԴ Քահանայապետը Վանքին նուիրեց Սուրբ պատարագի սկիհ մը եւ անոնցմէ ընդունեց Յիսուսին Դէմքը նկարագրող խճանկար մը։
Վերոնշեալ սոյն լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը իր «թելեկրամ» ընկերային ցանցին վրայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
