Սրբազան Պապը հեռաձայնած է Փիցցապալային. Բաւ է Կազայի մէջ կոտորածները, թող վերջ տրուի այս անարդարացի ողբերգութեան
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
«Ժամն է վերջ տալու այս կոտորածին». Լեւոն ԺԴ Սրբազան Պապը հեռաձայնած է Կարդինալ Փիերպաթթիսա Փիացցապալլային, Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարքին, որ` Իսրայէլեան բանակի կազայի միակ Կաթողիկէ Ժողովրդապետութեան դէմ գործած յարձակումին յաջորդ օրը Օրթոտոքս Պատրիարք Թէոֆիլօ Գ.ի հետ միասին մուտք գործեց Կազա իր հետ տանելով մարդասիրական օգնութիւններ։
Յարձակումին պատճառաւ մահացան երեք անձինք ու այլ տասնըմէկը վիրաւորուեցան, որոնք շարքին էր նաեւ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ արժանթինցի Հայր Կապրիել Ռոմանելլին։
«Կազայի սահմանի մօտ մեր ճանապարհին վրայ, մինչ Յոյն ուղղափառ պատրիարքը և ես՝ մեր պատուիրակութեան հետ միասին, ուղղուած էինք Կազա՝ ծխական համայնքին, զոհերու ընտանիքներուն և ամբողջ հասարակութեան զօրակցութեան այցով մը, Նորին Սրբութիւն Լևոն ԺԴ-ը ինծի հեռաձայնեց իր զօրակցութիւնն ու գուրգուրանքը, իր աղօթքներն ու աջակցութիւնը արտայայտելու, ինչպէս նաև իր մտադրութիւնը՝ անկարելին կատարելու, որպէսզի ձեռք բերուի ոչ միայն հրադադարը, այլեւ այս ողբերգութեան աւարտը», ըսաւ Ռատիօ Վատիկան Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած հեռախօսային կապի մը ընթացքին Կարդինալ Փիցցապալլան։
«Լեւոն Պապը,- շարունակեց ի միջի այլոց Պատրիարքը,- բազմիցս կրկնեց, որ ժամանակն է վերջ դնելու այս կոտորածին, և որ տեղի ունեցածը անարդարացի է, և մենք պէտք է այնպէս ընենք որ այլևս այլ զոհեր չ՛արձանագրուին։ Լատին պատրիարքութեան, բայց նաև Սուրբ Երկրի բոլոր եկեղեցիներու անունով մենք կը ցանկանանք շնորհակալութիւն յայտնել Նորին Սրբութեան այս մօտիկութեան համար եւ աղօթքներուն համար... Մենք նաև Անոր կը վստահեցնենք Կազայի ողջ համայնքի՝ եղբայրներու և քոյրերու, քահանաներու, այր մարդոց և կանանց անունով մեր աղօթքները և երախտագիտութիւնը», ըսաւ միշտ Լատինաց Պատրիարքը։
Երուսաղէմի Լատին պատրիարքութեան հաղորդագրութիւնը
Յայտնենք` որ երէկ Երուսաղէմի Լատին պատրիարքութեան հրատարակած հաղորդագրութեան մը ՄԷՋ տեղեկացուած էր, որ Լատինաց Պատրիարք Փիցապալլան եւ Թէոֆիլօ Գ Յունաց պատրիարքը որոշած են Կազա մեկնիլ իրենց զօրակցութիւնն ու մօտիկութիւնը տանելու բնակչութեան։
Հաղորդագրութեան աւարտին հաստատուած էր որ. Լատինաց պատրիարքութիւնը հաստատ կը մնայ քրիստոնեայ հասարակութեան ու համայն Կազայի բնակչութեան ի նպաստ իր յանձնառութեան մէջ։ Անոնք երբեք պիտի չմոռցուին եւ ոչ ալ պիտի լքուին»։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը
Նշենք որ` այսօր 18 Յուլիսի կէսօրին Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը տարածեց վերոնշեալ հեռախօսազրոյցի մասին հաղորդագրութիւն մը որուն, մէջ ի միջի այլոց աւելցուց թէ Սրբազան Պապը կապ հաստատեց Կարդինալ Փիցցապալլային հետ, յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու Կազայի մէջ տիրող կացութեան ու Հայր Ռոմանելլի առողջութեան մասին ու նաեւ այդ անարդարացի յարձակումին զոհ բոլոր միւս վիրաւորներու մասին։
«Սրբազան Պապը իր աջակցութիւնն ու սէրը արտայայտեց Ժողովրդապետութեան մէջ համախմբուած հասարակութեան ու բոլոր անոնց, որոնք կը տառապին բռնութիւններու պատճառաւ։ Ան ապա անգամ մը եւս հաստատեց իր կամքը անկարելին ընելու որպէսզի դադրի անմեղներու անհեթեթ սպանդը» կը կարդանք Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի «Թելեկրամ» ցանքին վրայ տարածած հաղորդագրութեան մէջ, ուր նաեւ նշուած է որ «Լեւոն ԺԴ Սրբազան Քահանայապետը այսօր առաւօտեան կապ հաստատեց «Մարմնացեալ Բան» միաբանութեան մեծաւոր` Հայր Քարլոս Ֆերրերոյի հետ», միաբանութիւնը որուն կը պատկանի երէկ վիրաւորուած Հայր Կապրիել Ռոմանելլին։ «Նորին Սրբութիւնը իր մօտիկութիւնը արտայայտեց միաբանութեան, ու Հայր Ռոմանելլիին, ու բոլոր անոնց` որոնք կղերական եւ հաւատացեալ, անոր հետ կը գտնուէին» նշուած է հաղորդագրութեան մէջ
«Լեւոն Պապը բոլորին կ՛ապահովեցնէ իր աղօթքները եւ իր անխոնջ յանձնառումը ի սպաս խաղաղութեան, որ բոլոր կողմերուն մարդկութիւնը պահպանելու միակ ուղին է»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
