Որոնել

Սուրբ Պետրոսի տաճարը Սուրբ Պետրոսի տաճարը 

Լեւոն ԺԴ. վերադարձաւ Վատիկան. Զինաթափում եւ իւրաքանչիւր մարդու արժանապատուութեան յարգանք

Երեքշաբթի, 22 յուլիսին՝ երեկոյեան, Քասթել Կանտոլֆոէն մեկնելէ առաջ, Լեւոն ԺԴ Պապ զրուցեց Վիլլա Պարպերինի պալատէն դուրսը սպասող լրագրողներուն հետ ու պատասխանեց միջազգային ընթացիկ հարցերու վերաբերեալ հարցումներուն։ Եկեղեցւոյ ձայնը տակաւին կարեւոր է, շարունակենք խթանել խաղաղութիւնը»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Պէտք է վար դնել զէնքերը եւ դադրեցնել պատերազմին ետեւի կողմը գտնուող առեւտուրը»։ Այս խօսքերը Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը փոխանցեց մի քանի լրագրողներուն, երբ 22 յուլիսին, երեկոյեան կը մեկնէր Քասթել Կանտոլֆոյի Վիլլա Պաերպերինի պալատէն՝ ուր 16 օր ամառնային արձակուրդը կատարեց ։ Քահանայապետը Վատիկան վերադառնալէն առաջ ողջունեց բազմաթիւ անձեր, որոնք իր մեկնումին կը սպասէին ու պատասխանեց կարգ մը լրագրողներուն հարցումներուն, միջազգային այժմէականութեան եւ Կազայի իրավիճակի վերաբերեալ։

Տառապանքով լեցուն վայրեր, ինչպէս Կազայի հատուածը այցելելու հնարաւորութեան վերաբերեալ, Լեւոն ԺԴ. Պապը բացատրեց, որ «կան շատ վայրեր, որոնց ինք անձամբ կը փափաքի «նաեւ այցելել, սակայն սա՝ պատասխան գտնելու հարկադիր ձեւը չէ, ընդհակառակը բացատրեց նորին Սրբութիւնը «պէտք է խրախուսել բոլորը զէնքերը վար դնելու, եւ հրաժարիլ իւրաքանչիւր պատերազմին ետեւի կողմը կանգնող առեւտուրէն։ Շատ անգամ զէնքերուն վաճառականութեամբ, մարդիկը կը դառնան արժէզուրկ գործիքները։ Ասոր վրայ մենք պէտք ենք շատ անգամ պնդել. Իւրաքանչիւր անհատի՝ քրիստոնեայի, մահմետականի, իւրաքանչիւր կրօնի արժանապատւութեան վրայ։ Մենք բոլորս Աստուծոյ զաւակներ ենք, ստեղծուած Աստուծոյ պատկերով։ Հետեւաբար կը շարունակենք այս ջանքերը»։ ըսաւ Ան

Ինչ կը վերաբերի Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ անցուցած արձակուրդին, Քահանայապետը նշեց, թէ շատ լաւ անցաւ ու շատ ուրախ է ստացած հիւրընկալութեան համար։ «Կրցայ քիչ մը օդս փոխել» ըսաւ Պապը աւելցնելով որ «դա աշխատանքային արձակուրդ է եւ երբեք չդադրեցաւ ընթացիկ իրադարձութիւններուն հետեւելէ, նոյնիսկ կարողացաւ հեռախօսով զրուցել մի քանի պետութիւններու ղեկավարներուն հետ, ինչ որ կարեւոր է»։ Փառք Աստուծոյ եկեղեցւոյ ձայն տակաւին կարեւոր է ։ Շարունակենք փռտռել խաղաղութիւնը խթանել»։

Յիշենք, թէ Լեւոն ԺԴ Պապը յուլիս 6էն 22, անցուց Քասթել Կանտոլֆոյին Վիլլա Պարպերինի պալատին մէջ՝ հանգիստ ընելու համար բայց նաեւ մասնակցեցաւ տարբեր հանրային միջոցառումներուն։ նորին Սրբութիւնը այս ժամանակահատուածին գլխաւորեց երեք Սուրբ պատարագներու արարողութիւնները, որոնց իրենց մասնակցութիւն բերին կրօնական, քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ ինչպէս նաեւ կղերական դասին անդամներ ու հաւատացեալներ։ Քահանայապետը իր քարոզներու մէջ ընդգծեց ծառայութեան, լսելու եւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը՝ բաժանումները յաղթահարելու եւ հաղորդութիւն կառուցելու համար։

Լեւոն ԺԴ Պապը հանդիպում ունեցաւ նաեւ միջազգային առաջնորդներուն հետ, 9 յուլիսին ընդունելով Ուքրանիոյ նախագահը Զելենքսին ու հեռաձայնային կապ պահելով զրուցեց Իսրաէլի վարչապետ Նեթանիահուի հետ եւ Պաղեստինի նախագահ, Ապպասին, անոնց հետ քննարկելով վերջի շրջանին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցած լարուածութիւններն ու բռնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/07/2025, 10:53