Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Պապը այցելեց Քասթել Կանտոլֆոյի «Սանթա Մարթա» ծերանոցը. «Դուք յոյսի նշաններ էք»։

Քահանայապետը ծերանոցին մէջ անհատապէս ողջունեց 80էն 101 տարեկան ունեցող բոլոր ծերերը քաջալերելով զանոնք շարունակելու հաւատքի վկաները ըլլալու։ «Դուք յոյսի նշաններ էք։ Դուք շատ տուիք կեանքին մէջ»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 21 յուլիսին, առաւօտեան, Լեւոն ԺԴ. այցելեց Քասթել Կանտոլֆոյի «Սանթ Մարթա» անուան ծերանոցը, ուր դիմաւորուեցաւ մեծաւոր մօր եւ կրօնական հաստատութեան անդամներուն կողմէ։

Ծերանոցէն մեկնելէ առաջ Նորին Սրբութիւնը անհատապէս ողջունեց ծերանոցի մէջ հիւրընկալուած մօտ 20 ծերերը, որոնք 80էն 101 տարեկան են ու զրուցեց հաստատութեան կրօնաւորուհիներուն հետ։

Ծերանոցին մէջ երիտասարդ բուժքոյրի ողջոյնի խօսքէն ետք եւ միասնաբար մի քանի հոգեւոր երգերով աղօթելէ ետք, Լեւոն ԺԴ. Պապը ուղղեց իր սիրտի խօսքը, անդրադառնալով հոգեւոր երգերու ու երեկ Սուրբ Պատարագի ժամանակ կարդացուած Աւետարանի նիւթերուն։

Իր խօսքին մէջ Քահանայապետը շեշտեց, որ իւրաքանչիւրիս մէջ կայ Մարթայի Եւ Մարիամի մէկ մասը ու յորդորեց օգտագործելու կեանքի այս ժամանակահատուածը՝ Ապրելու Մարիամի օրինակով՝ աղօթելով ու լսելով Յիսուսի խօսքը։

Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին կատարած աղօթքի համար, «Այնքան կարեւոր է, որ չենք կրնար երեւակայել», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով որ «Տարիքը տարբերութիւն չ՝ունի, Յիսուսն է որ կ՝ուզէ մօտենալ մեզի, Ան մեր հիւրը դարձաւ ու մեզ կը հրաւիրէ վկաներ ըլլալու՝ երիտասարդ կամ ոչ այդքան շատ երիտասարդ։

«Դուք յոյսի նշաններ էք» եզրափակեց քահանայապետը, «Դուք այնքան շատ տուիք կեանքի մէջ» եւ «շարունակեցէք ըլլալ աղօթքի, հաւատքի այս վկայութիւնը մէկ ընտանիք մը, որ Տիրոջ կը նուիրէ այն ինչ որ ունի»։

«Հայր մեր» Տէրունական աղօթքը արտասանելէ յետոյ Լեւոն ԺԴ. քիչ մը աւելի շատ մնաց ծերանոցը այցելելու համար ապա Վիլլա Պարպերինի վերադարձաւ մօտաւորապէս ժամը 11։30ին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/07/2025, 12:14