Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը եւ գերպ Թիպօ Վեռնի Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը եւ գերպ Թիպօ Վեռնի 

Գերպ Թիպօ Վեռնի նշանակուեցաւ Անչափահասներու Պաշտպանութեան Յանձնաժողովի նախագահ

Քահանայապետական անուանում։ Գերպ. Թիպօ Վեռնի նշանակուեցաւ անչափահասներուն պաշտպանութեան յանձնաժողովի նախագահ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 5 յուլիսին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը, Անչափահասներու պաշտպանութեան յանձնաժողովի նախագահ անուանեց մինչեւ այժմ նոյն յանձնաժողովին անդամ Շամպերի թեմի եւ Սան Ժան Տէ Մորիէնի իւ Թարէնթէզի արքեպիսկոպոս գերպ Թիպօ Վեռնին։

Քահանայապետական անուանումի առթիւ, գերպ Վեռնի հաղորագրութեամբ մը շնորհակալութիւն յայտնեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին, Անչափահասներուն պաշպանութեան յանձնաժողովին նախագահ նշանակուելուն համար, ինչպէս նաեւ իր նախորդին՝ կարդինալ Շոն Օմալլիին, «որուն քաջարի եւ մարգարէական առաջնորդութիւնը անջնջելի հետք ձգեց ոչ միայն եկեղեցւոյ այլ ողջ հասարակութեան վրայ»։

Շարունակելով իմ աշխատանքս յանձնաժողովին հետ, ես յանձնառու եմ՝ յանձնաժողովի անդամներուն եւ անձնակազմին հետ միասին, զարգացնել այս ժառանգութիւնը։ Մեր առաջնահերթութիւնները կը կեդրոնանան եկեղեցւոյ աջակցելու վրայ, մասնաւորապէս այն եկեղեցիներուն, որոնք դժուարութիւններ ունին իրականացնելու համար համարժէք պաշտպանութիւն։

Մենք պիտի շարունակենք խթանել զօրակցութեան սկզբունքը եւ միջոցներու արդարացի բաշխումը, որպէսզի Եկեղեցւոյ բոլոր մասերը, անկախ իրենց աշխարհագրական դիրքէն կամ հանգամանքներէն, կարողանան ապահովուել պաշտպանութեան ամենաբարձր չափանիշերը», գրած է հաղորդագրութեան մէջ, Անչափահասներուն պաշտպանութեան յանձնաժողովին նոր նախագահը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/07/2025, 11:48