«Յիսուսին հետեւիլը կը նշանակէ ըլլալ կարեկից, դառնալ անոր սիրոյն ու կարեկցանքին վկաները աշխարհին մէջ». Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 13 Յուլիսի առաւօտեան ժամը տասին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական Վիլլանովայի Սուրբ Թովմաս ժողովրդապետութեան մէջ, որ կը գտնուի Քահանայապետական ամարային պալատի մօտակայքը, մատուցեց կիրակնօրեայ պատարագը ի ներկայութեան տեղացի ժողովրդապետութեան հասարակութեան, քահանաներու, կրօնաւորներ ու կրօնաւորուհիներու, քաղաքացիական եւ զինուորական իշխանութիւններու։
Նախ քան Սուրբ Զոհը Սրբազան Քահանայապետը դուրս գալով Առաքելական Պալատէն փոքր ելեկտրական ինքնաշարժով շրջանը կատարեց Քասթել Կանտոլֆոյի կեդրոնական հրապարակին ու պողոտային, ողջունելով այնտեղ համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալները։
Ան ապա մուտք գործեց Սուրբ Թովմաս Ժողովրդապետութեան Եկեղեցի ու պահ մը ծնկաչոք աղօթելէ ետքը գլխաւորեց կիրակնօրեայ սուրբ պատարագը, որուն ընթացքին ընթերցուած աւետարանական հատուածէն ետքը Նորին Սրբութիւնը խօսքը ուղղելով ներկաներուն իր ուրախութիւնը արտայայտելէ ու զանոնք ողջունելէ ետքը մեկնաբանեց Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած (Գլ.10,25-37) բարի Սամարացին առակը։
Բարի Սամարացիին առակը
«Այս պատմուածքը կը շարունակէ մեզի մարտահրաւէր նետել նաեւ այսօր ու կը հարցաքննէ մեր կեանքը, կը ցնցէ քունի մէջ գտնուող կամ շեղած մեր խիղճը և մեզ կը խրախուսէ՝ դիմակայելու հանգստաւէտ հաւատքի մը վտանգին, որ ամրացած է օրէնքի արտաքին պահպանման մէջ, բայց անկարող է զգալու եւ գործելու Աստուծոյ նոյն կարեկից սրտով» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. հաստատելով որ «ճիշտ կարեկցութիւնն է այդ առակին կիզակէտը»։ Արդարեւ Սամարացին Յիսուսին պատկերն է` որ կը հպի վիրաւոր մարդկութեան վրայ սիրով ու կարեկցութեամբ։
Հայեացքը
Քահանայապետը նշեց ապա թէ առակին կեդրոնը կայ հայեացքը, որ կ՜արտայայտէ այն ինչ որ մեր սրտին մէջ ունինք. Քահանան եւ Ղեւտացին կը տեսնեն բայց կ՛անցնին կ՛երթան, Իսկ Սամարացին կը տեսնէ եւ կը գթայ։ Այս խոր հայեացքը կը ծնի կարեկցանքի ունակ սրտէ մը` որ թոյլ կու տայ որ միւսին տառապանքը մեզի դպչի։
«Բարի Սամարացի Յիսուսին մէջ, Աստուած եկաւ դարմանելու մեր վէրքերը, մեր վրայ դափելով իր սիրոյն եւ իր ողորմութեան իւղը», յարեց ապա Սրբազան Պապը ակնարկելով Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերուն, որ յաճախ յիշեցուցած է որ «Աստուած ողորմութիւն ու կարեկցանք է»։
Այսօր մեծ կարիքը կայ սիրոյ յեղափոխութեան
Քրիստոնեան կանչուած է Քրիստոսի նոյն հայեացքն ու նոյն սիրտը ունենալու. «Սիրտ մը` որ կը յուզուի, հայեացք մը` որ կը տեսնէ ու կանգ կ՛առնէ, ձեռքեր` որոնք օգնութեան կը հասնին ու վէրքերը կը դարմանեն, ուժեղ բազուկներ` որոնք իրենց վրայ կ՛առնեն կարիքի մէջ գտնուողին բեռը....Յիսուսին հետեւիլը կը նշանակէ ըլլալ կարեկից, դառնալ անոր սիրոյն ու կարեկցանքին վկաները աշխարհին մէջ» եղան ի միջի այլոց Սրբազան Պապին արտասանած խօսքերը որ ապա հաստատեց. «Այսօր մեծ կարիք կայ սիրոյ յեղափոխութեան»։
«Այսօր Երուսաղեմէն դէպի Երիքով՝ ծովի մակարդակէն վար գտնուող քաղաք իջնող այդ ճանապարհը ճանապարհն է անոնց, որոնք խորտակուած են չարիքի, տառապանքի և աղքատութեան մէջ։ Ան ճանապարհն է բազմաթիւ այն մարդոց, որոնք ծանրաբեռնուած են դժուարութիւններով կամ վիրաւորուած կեանքի հանգամանքներէն։ ճանապարհն է անոնց, որոնք «կ՛իջնեն խորքը» մինչև կորուստն ու յատակը։ Անիկայ բազմաթիւ ժողովուրդներու ճանապարհն է, որոնք մերկացուած են, թալանուած և կողոպտուած, զոհը` բռնակալ քաղաքական համակարգերու, աղքատութեան մատնող տնտեսութեան, պատերազմին` որ կը սպառնայ անոնց երազանքներուն ու կեանքին» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. ու հարց տուաւ «Ի՞նչ կ՛ընենք մենք. Կը տեսնենք և կը յառա՞ջ կ՛երթանք, կամ թոյլ կու տանք, որ մեր սրտերը խոցուին նման սամարացիին։ Երբեմն մենք կը բաւարարուինք պարզապէս մեր պարտականութիւնը կատարելով, կամ մերձաւորներ կը համարենք միայն մեր շրջապատի մարդիկը, մեզի նման մտածողները, նոյն ազգութեան կամ կրօնի մարդիկը։ Բայց Յիսուս կը փոխէ այդ տեսլականը՝ մեզի ներկայացնելով սամարացի մը, օտարական և հերետիկոս մը, որ կը դառնայ այդ վիրաւոր մարդու մերձաւորը։ Եւ Ան մեզմէ կը պահանջէ նոյնը ընել» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը։
Բարի Սամարացին տիպար կեանքի ոճի
Բարի սամարացին առ այդ տիպարն է կեանքի մը ոճին, որ կը շրջանցէ կրօնական ազգային ու յարմարութեան պատնէշները։
«Տեսնել առանց անցնելու, կանգնեցնել մեր եռուզեռուն մրցավազքերը, թոյլ տալ, որ միւսի կեանքը, ով որ ալ ըլլայ ան, իր կարիքներով ու տառապանքներով, ճմլէ մեր սիրտը։ Այս մէկը աւելի մօտիկ կը դարձնէ մեզ մէկը միւսին, կը ծնի իսկական եղբայրութիւն, կը քանդէ պատեր ու ցանկապատեր։ Եւ վերջապէս, սէրը տեղ կը գրաւէ, դառնալով աւելի ուժեղ, քան չարն ու մահը» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ. ու քարոզը աւարտեց հրաւիրելով բոլորը նայելու Քրիստոսին, Բարի Սամարացիին, եւ այսօր եւս ունկնդրելու անոր ձայնը որ մեզմէ իւրաքանչիւրիս կ՛ըսէ. «Գնա եւ դուն ալ նոյնը ըրէ»։
Սրբազան Պապին եզրափիչ խօսքը
Սուրբ Զոհի աւարտին Նորին Սրբութիւնը Քահանայապետական ժողովրդապետութեան ժողովրդապետին շնորհեց փոքրիկ նուէր մը ի յիշատակ այսօրուայ արարողութեան բացատրելով որ «Սկիհն ու պնակը , որոնցով մենք կը կատարենք պատարագը, հաղորդութեան գործիքներ են, և կարող են ըլլալ հրաւէր մեզի բոլորիս համար՝ ապրելու հաղորդութեան մէջ, իսկապէս խթանելու այս եղբայրութիւնը, այս հաղորդութիւնը, որ կ՛ապրինք Յիսուս Քրիստոսի մէջ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
