Արմատներն ու աւանդոյթները Աստուծոյ պարգեւներ են, որոնք պէտք է հաւատքով բաժնել ուրիշներու հետ․ Լեւոն ԺԴ․
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
25 Յուլիսին, Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ յղեց վիեթնամցի կրօնուսոյցներուն՝ Երանելի Անտրէա Ֆու Իենի ծննդեան 400ամեակի առիթով՝ վիեթնամցի «կրօնուսոյց ու նահատակ, որուն վկայութիւնը տակաւին կը ոգեշնչէ մեզ», ըսաւ Պապը իր խօսքին սկիզբը եւ իր ջերմ ողջոյնները փոխանցեց անոնց, որոնք «Վիեթնամի բոլոր նահանգներէն Հռոմ ժամանած են Երիտասարդներու Յոբելեանին մասնակցելու համար»։
Շնորհակալութիւն յայտնելով, ապա, Անտրէա Ֆու Իենի մասունքներու առջեւ արտասանած աղօթքին համար՝ Սրբազան Քահանայապետը կարեւոր նկատեց խորհրդածել Երանելիին կեանքի մասին․ 1625ին ծնած Անտրէան Յիսուսեան Միաբանութեան միսիոներներուն հետ Աւետարանը Վիեթնամ տարաւ, ուր եւ «բանտարկուեցաւ իր հաւատքի համար, եւ քանի որ հրաժարեցաւ հաւատքը ուրանալէ, սպաննուեցաւ։ Անտրէան մահացաւ՝ արտաբերելով Յիսուսին անունը», նշեց Լեւոն ԺԴ․՝ յղում կատարելով Ֆրանչիսկոս Պապի՝ երիտասարդներուն ու համայն Աստուծոյ ժողովուրդին ուղղուած «Քրիստոս կ՚ապրի՛» առաքելական յորդորագիրին։
Երանելի Անտրէայի կեանքը օրինակ՝ անսասան պահելու քրիստոնէական հաւատքը
Ասկէ մեկնելով Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ․ «կեանքը զոհաբերելով ընդամէնը 19 տարեկան հասակին՝ Անտրէան պատասխանեց Քրիստոսի կոչին՝ «սիրոյ դիմաց սէր» վերադարձնելով մեր Տիրոջը»։ Լեւոն ԺԴ․ ապա յիշեցուց, որ «այդ հերոսական վկայութեան համար Անտրէան կոչուեցաւ «Վիեթնամի Նախավկայ», եւ 5 Մարտ 2000 թուականին Երանելի դարձաւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ․ի կողմէ։ «Այսօր կրօնուսոյցներու հովանաւորէն կը խնդրենք միջնորդել մեզի համար, որպէսզի մենք անոր պէս անսասան հաւատքով կարողանանք կանչել Յիսուսը, նոյնիսկ երբ դժուարութեան մէջ կը յայտնուինք», յարեց Քահանայապետը։
Վիեթնամի մէջ կրօնուսոյցներու դերը
Նորին Սրբութիւնը շարունակեց պատգամը նշելով, որ Վիեթնամի մէջ Եկեղեցին ունի 64,000 նուիրեալ կրօնուսոյցներ՝ «աշխարհական այր մարդիկ եւ կանայք, մեծամասամբ՝ երիտասարդներ, որոնք հաւատք կը սորվեցնեն մանուկներուն ու դեռահասներուն»: «Եկեղեցին կը հրճուի ձեզմով եւ կը խրախուսէ ձեզ ուրախութեամբ քալել այս ազնիւ առաքելութեան մէջ», ըսաւ Սրբազան Պապը:
Հաւատքի մէջ զօրակցութիւնը եւ միասնութիւնը
«Կալանավայրի մէջ Անտրէան յորդորած էր իր քրիստոնեայ հաւատակիցներուն անսասան մնալ հաւատքի մէջ եւ խնդրած անոնցմէ աղօթել իրեն համար, որպէսզի մինչեւ վերջ հաւատարիմ մնայ», շարունակեց Քահանայապետը եւ նկատել տուաւ, որ, յիրաւի, «քրիստոնէական կեանքը, մասնաւորապէս՝ կրօնուսոյցներու ծառայութիւնը, երբեք միայնակ ջանք չէ. մենք կը սորվեցնենք, եւ մեր համայնքը կ’աղօթէ, մենք կը վկայենք, եւ Քրիստոսի Մարմինը մեզի կ’աջակցի փորձութիւններուն մէջ»: «Աղօթքի եւ ծառայութեան միասնութիւն», որ, ըստ Լեւոն ԺԴ.-․ի, կ’ընդգծէ Եկեղեցու միասնութիւնը եւ Քրիստոսի կողմէ մեզի տրուած խաղաղութիւնը»։
Պահպանել սէրը ընտանիքի եւ հայրենի երկրի նկատմամբ
Ֆրանչիսկոս Պապի մտքերուն համահունչ, Լեւոն ԺԴ․ կարեւորեց բոլոր կրօնուսոյցներու ծառայութիւնը՝ «արմատաւորուած ամուր ընտանեկան ու մշակութային ժառանգութեան մէջ» եւ յորդորեց պահպանել սէրը ընտանիքի եւ հայրենի երկրի նկատմամբ՝ շեշտելով թէ՝ «Ձեր արմատներն ու աւանդոյթները Աստուծոյ պարգեւներ են. Լեցուցէ՛ք զանոնք ձեր վստահութեամբ եւ ուրախութեամբ, եւ հաւատքով բաժնեկցեցէ՛ք ուրիշներու հետ»։
Կեանքը եւ յոյսը Յոբելենական Սուրբ Տարուայ ծիրէն ներս
Աւարտին Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Հռոմի մէջ նշուելիք Երիտասարդութեան Յոբելեանին՝ որպէս Յոյսի Յոբելենական Տարուայ մաս, ըսելով․ «Իւրաքանչիւր մարդու սիրտին մէջ կը բնակի յոյսը` որպէս գալիք բարիքներու ցանկութիւն եւ սպասում»։ Թող այս յոյսը խրախուսէ ձեզ ձեր ծառայութեան մէջ»։
Ի վերջոյ, Ան մաղթեց, որ Սուրբ Անդրէա Ֆու Իենը առաջնորդէ անոնց իր օրինակով, Տիրամայրը՝ «Յոյսի մայրը» (Spes Non Confundit, 9 May 2024, 24), ուղեկցի անոնց եւ Ամենակարող Աստուծոյ օրհնութիւնը իջնէ անոնց վրայ։
Աղօթք՝ Վատիկան Նիուզի մատուռին մէջ
Նշենք թէ՝ Երանելի Անտրէա Ֆու Իենի ծննդեան 400ամեակի առթիւ, Ռատիօ Վատիկան - Վատիկան Նիուզի նստավայր «Palazzo Pio»ի մատուռին մէջ՝ Երանելիին մասունքներու ներկայութեամբ, աղօթք բարձրացաւ առ Աստուած։ Միջոցառումը ուղիղ եթերով հեռարձակուեցաւ Վատիկան Նիուզի «Եութուպ»ի ալիքով եւ «zoom» կապի միջոցաւ ողջ աշխարհէն 300էն աւելի մասնակիցներով՝ անոնց շարքին Սայկոնի Արքեպիսկոպոսը։ Մատուռի մէջ ներկայ էին վիեթնամական խմբագրական կազմը ՝ Հայր Իենի գլխաւորութեամբ եւ վիեթնամցի հաւատացեալներ։ Աղօթքի աւարտին հեռարձակուեցաւ Լևոն ԺԴ․ Պապի լսատեսողական պատգամը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
