Լեւոն ԺԴ. Խաղաղութիւնը սիրտէն բխող անձնական յանձնառութիւն է
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
«Ի՞ նչ պիտի ըլլայ եթէ ամէն ինչ պատերազմէն տապալի» սա է այն հարցումը որ Իտալիոյ Պենեվենթօ քաղաքէն երեք զաւակներու մայր մը ուղղած է Լեւոն ԺԴ. Պապին, հարցականի տակ դնելով խաղաղութեան իրաւունքը, «Վատիկան Տաճար» ամսագիրին յուլիս ամսուան էջերու մէջ, որ նուիրուած է երիտասարդներուն Յոբելեանին»։
«Քուկդ Աստուծոյ սիրտին հասնող աղաղակ մըն է» կը պատասխանէ Քահանայապետը «Երկխօսութիւն ընթերցողներու հետ» բաժանմունքին մէջ հրաւիրելով բոլորը ՝հաւատացեալներն ու ոչ հաւատացեալները սրտանց դարձի գալու ուղեւորութեան, բացատրելով որ խաղաղութիւնը ոչ միայն իղձ մըն է այլ անձնական ամենօրեայ յանձնառութիւնը որ կը ծնի ներսէն եւ կը սնուի շօշափելի գործերով, կը կառուցուի սիրտին մէջ՝ սիրտէն սկսեալ։
«Մենք կը պնդենք երկխօսութեան վրայ՝ բոլոր մակարդակներով՝ խթանելու համար հանդիպումի իրական մշակոյթը, այլ ոչ թէ հակամարտութիւնը, ինչպէս նաեւ իշխանութեան սահմանափակումի վրայ, ինչպէս միշտ կոչ ըրած է իմ սիրելի նախորդս Ֆրանչիսկոս Պապը, մեզի մարտահրաւէր նետելով «իմանալու համատեղել աղօթքը անհրաժեշտ քաջարի ժեսթերու եւ փոքր քայլերուն համբերատարութեան հետ»։ «Պատերազմը չյաղթեր« եզրափակեց Քահանայապետը «եւ երեխաները ունին իսկական, արդար եւ երկարատեւ խաղաղութեան իրաւունք»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
