Որոնել

Ասսիզիի Սուրբ Ֆրանչիսկոս Եկեղեցին Ասսիզիի Սուրբ Ֆրանչիսկոս Եկեղեցին 

Կարդինալ Արթիմէն նշանակուեցաւ Ասսիզի քաղաքի պապական Պազիլիքաներու նոր Քահայապետական Պատուիրակ

Լեւոն ԺԴ Պապը Կարդինալ Արթիմէին յանձնեց Սուրբ Ֆրանչիսկոսի եւ Սանթա Մարիա Տէյլի Անճելի (Հրեշտակներու Տիրամայր) տաճարներու պատասխանատուութիւնը
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

Ասսիզիի պապական Սուրբ Ֆրանչիսկոս եւ Հրեշտակներու Սրբուհի Մարիամ պազիլիքաները ունին նոր Քահանայապետական Պատուիրակ յանձինս սպանացի 64 ամեայ Կարդինալ Անկել Ֆերնանտէս Արթիմէին` Նուիրեալ Կեանքի եւ Առաքելական Կեանքի հաստատութիւններու համա-վերատեսուչը։

Սոյն անուանումով Ծիրանաւորը կը յաջորդէ 85 ամեայ Կարդինալ Ակոսթինօ Վալլինիին զոր Ֆրանչիսկոս Պապը 2017-ին անուանած էր իր պատուիրակը վերոնշեալ Ֆրանչիսկեան եկեղեցիներու մօտ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/07/2025, 12:06