Խթանել յանձնառութիւնը ընկերային պատասխանատուութիւններու դիմաց․ Լեւոն ԺԴ․
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
16 Յուլիսին, Լեւոն ԺԴ․ Պապը, Պետական Քարտուղար Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութեամբ, գրաւոր պատգամ յղեց Աշխատաւորներու Արհ միութենական Իտալական Համադաշնութեան (CISL- Confederazione Italiana Sindacati Lavoratori, կաթողիկէ եւ յառաջադիմական ներշնչմամբ հաստատութիւն) 20րդ Ազգային Համաժողովի առթիւ, որուն նիւթն է՝ «Մասնակցութեան քաջութիւնը»։
Համաժողովի Նախագահ Ռոպերթօ Բեցցանին կարդաց Նորին Սրբութեան անունով գիրը, որուն մէջ Պապը նախ իր ջերմ ողջոյնները յղած է կազմակերպիչներուն, բանախօսներուն եւ մասնակիցներուն։
Սրբազան Քահանայապետը յոյս յայտնած է ապա, որ այդ կարեւոր հանդիպումը կը ներշնչէ բոլորին նորացնել իրազեկութիւնը խթանելու յանձնառութիւնը ընկերային պատասխանատուութիւններու դիմաց։
«Պէտք չէ երբեք մոռնալ Սուրբ Օգոստինոսի (De Civitate Dei) սահմանած «tranquillitas ordinis»-ին կամ կարգուկանոնի անդորրութեան նպաստելու ընդհանուր նպատակի գաղափարը»՝ խթանելով աւելի մարդկային, խաղաղ եւ արդար ընկերային յարաբերութիւններու կարգ ու կանոն» (պատգամ «AI for Good Summit 2025» գագաթնաժողովին, 10 Յուլիս 2025), շեշտած է ի վերջոյ Լեւոն ԺԴ․ Պապը՝ Համաժողովի մասնակիցներուն վստահեցնելով իր աղօթքը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
