Լեւոն ԺԴ. Հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Ամառնային Կեդրոնի երեխաներուն եւ աւելի քան 300 Ուքրանացի փոքրիկներուն հետ։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 3 յուլիսին, կէսօրին, պաշտօնական հանդիպումներէն ետք, Լեւոն ԺԴ. Պապը միացաւ Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ հաւաքուած «Estate Ragazzi in Vaticano» ամառնային ճամբարի մասնակցող պատանիներուն։ Անոնց միացած են նաեւ Ուքրանիայէն ժամանած աւելի քան 300 երեխաներ, որոնք ամառնային շրջանին համար հիւրընկալուած են Իտալական Քարիթասին կողմէ։
Ամառնային ճամբարի ղեկավարներուն կողմէ դիմաւորուելէ ետք Քահանայապետը զրուցեց երեխաներուն հետ եւ պատասխանեց մի քանի հարցումներուն։ Նորին Սրբութիւնը պատմեց իր մանկութեան մասին, Պատարագի մասնակցութեան մասին՝ ուր կը հանդիպէր այլ երեխաներու եւ բարեկամներու հետ, բայց ամենէն առաջ ուր Ինք կը հանդիպէր «լաւագոյն ընկերոջ՝ Յիսուսին»։
Քահանայապետը խօսեցաւ բազմազանութեան եւ հիւրընկալութեան մասին, նախ եւ առաջ անգլերէն լեզուով ողջոյնի խօսք ուղղելով Ուքրանացի մանուկներուն աւելցնելով, որ «Կարեւոր է յարգել իրարու, չսահմանափակուիլ տարբերութիւններուն առջեւ, այլ կառուցել կամուրջներ, բարեկամութիւն, «մենք բոլորս կարող ենք ըլլալ բարեկամներ, քոյրեր, եղբայրներ»։
Պատասխանելով պատերազմի մասին հարցումի մը Նորին Սրբութիւնը բացատրեց, թէ նոյնիսկ փոքր տարիքին, անհրաժեշտ է սորվիլ կառուցել խաղաղութեան կամուրջներ եւ բարեկամութիւն, չմտնել պատերազմի եւ ճակատամարտի մէջ ու երբեք չխրախուսել ատելութիւն եւ նախանձ»։
«Յիսուս մեզ կը կանչէ բոլորս բարեկամներ ըլլալու», որովհետեւ անհրաժեշտ է «փոքր տարիքէն սորվիլ փոխադարձ յարգանք ունենալ եւ միւսին մէջ տեսնել՝ մէկ մը ինծի նման»։
Հանդիպումին ընթացքին երեխաներն ու պատանիները Պապին նուէրներ տուին, ամառնային ճամբարի ժամանակ պատրաստած առարկաներ, ինչպէս նաեւ Ուքրանացի երեխաներու կողմէ պատրաստուած գծագրութիւններ եւ աշխատանքներ։
Հանդիպումի աւարտին, լուսանկարուելէ յետոյ, Լեւոն ԺԴ Պապը հրաւիրեց բոլորը միասնաբար աղօթելու Ողջոյն քեզ Մարիամ աղօթքը ու առաքելական օրհնութիւնը շնորհեց ներկաներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
