Որոնել

Il Papa ai religiosi, la vostra missione 'pensare in grande'

Լեւոն ԺԴ. ընդունեց Իգական Միաբանութիւններու Վարչական Ժողովներուն մասնակցող անդամները

Սրբազան Պապը հրաւիրեց ներկաները հասարակական զատորոշումը ապրիլ Սուրբ Հոգիին բացուածքով հաւատարմութեամբ եւ ստեղծագործութեամբ սատարելու համար Աստուծոյ` մարդկութեան վերապահած փրկագործութեան ծրագրին, ըլլալով աշխարհի մէջ լոյս, Քրիստոսը վկայելով հաւատքով եւ նուիրումով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անցեալ Կիրակի օր` 6 Յուլիսին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանէն փոխադրուեցաւ Հռոմէն 25 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոց` հանգստեան բայց նաեւ աշխատանքի պահ մը անցնելու համար։

Նորին Սրբութիւնը արդարեւ այնտեղ պիտի մնայ մինչեւ 20 Յուլիսը որմէ ետքը մի քանի օրով Հռոմ պիտի վերադառնայ ու օգոստոսին սկիզբը պիտի գլխաւորէ Երիտասարդներուն Յոբելեանի հսկումն ու պատարագը։

Թէեւ Յուլիս ամսուան ընթացքին դադրած յայտարարուած էին Քահանայապետին առանձնական եւ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնները, ներառեալ 2, 9, 16 եւ 23 Յուլիսի հրապարակային ունկնդրութիւնները, Լեւոն ԺԴ. շարունակեց ունենալ որոշ հանդիպումներ ինչպէս անցեալ չորեքշաբթի օր` երբ Ամարային Պալատին մէջ ընդունեց Ուքրանիոյ Նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին, որուն հետ ունեցաւ գրեթէ կէս ժամ տեւած առանձնազրոյց, որուն ընթացքին Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ընդգծեց երկխօսութեան կարեւորութիւնը՝ ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու համար, ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերուն համար եւ վերահաստատեց Իր պատրաստակամութիւնը բանակցութիւններուն համար Վատիկանի մէջ ընդունելու Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ ներկայացուցիչները։

Լեւոն ԺԴ ընդունեց Իգական Միաբանութիւններու Վարչական Ժողովներուն մասնակցող անդամները
Լեւոն ԺԴ ընդունեց Իգական Միաբանութիւններու Վարչական Ժողովներուն մասնակցող անդամները   (ANSA)

Իսկ այսօր Շաբաթ` 12 Յուլիսին Սրբազան Պապը Քասթել Կանտոլֆոյի առաքելական պալատի ներքնափակին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց իգական  միաբանութիւններու վարչական ընդհանուր ժողովներու մասնակիցներուն եւ այս առիթով անոնց ուղղած ճառին մէջ Ան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց անոնց մատուցած ծառայութիւններուն համար, քաջալերելով զանոնք ուրախութեամբ եւ քաջութեամբ նորոգելու իրենց յանձնառումը Եկեղեցւոյ մէջ։

Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց հասարակական աղօթքի ու զատորոշումի կարեւորութիւնը` Նուիրեալ Կեանքի ապագային համար ապա յիշեց իւրաքանչիւր միաբանութեան հիմնադիրէն փոխանցուած խարիզմը` որպէս Սուրբ Հոգիի պարգեւներ, աճեցնելու համար Քրիստոսին Մարմինը` որ է Եկեղեցին, առաքելութեան, դաստիարակութեան, զոհաբերումի եւ հաղորդութեան միջոցաւ։

Լեւոն ԺԴ ընդունեց Իգական Միաբանութիւններու Վարչական Ժողովներուն մասնակցող անդամները
Լեւոն ԺԴ ընդունեց Իգական Միաբանութիւններու Վարչական Ժողովներուն մասնակցող անդամները   (ANSA)

«Ասոնք տարբեր ուղիներ են, որով կ՜արտայայտուի միակ ու յաւիտենական իրականութիւնը` որ կը ոգեւորէ բոլոր միաբանութիւնները. Մարդկութեան հանդէպ Աստուծոյ սէրը», ըսաւ ի միջի այլոց Լեւոն ԺԴ որ ակնարկեց նաեւ Ժողովներու ընթացքին արծարծուած որոշ նիւթերուն` ինչպէս առաքելական հոգի ունենալը, յոյսը, խաղաղութիւնը, համապատասխանութիւնը եւ Աւետարանին հաւատարմութիւնը, որոնք կ՛արժեւորեն իւրաքանչիւր միաբանութեան առաքելութիւնը։

Ան ապա հրաւիրեց ներկաները հասարակական զատորոշումը ապրիլ Սուրբ Հոգիին բացուածքով հաւատարմութեամբ եւ ստեղծագործութեամբ սատարելու համար Աստուծոյ` մարդկութեան վերապահած փրկագործութեան ծրագրին, ըլլալով աշխարհի մէջ լոյս, Քրիստոսը վկայելով հաւատքով եւ նուիրումով։

Ան ապա խօսքը աւարտեց բոլորին շնորհելով իր օրհնութիւնը ու դարձեալ շնորհակալ ըլլալով անոնց աշխարհի տարբեր վայերուն մէջ ներկայութեան ու առաքելութեան համար ապա հրաւիրեց միասին աղօթելու տէրունական աղօթքը։

Յայտնենք` որ Նորին Սրբութիւնը վաղը` Կիրակի 13 յուլիսի առաւօտեան ժամը 10-ին, Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական Վիլլանովայի Սուրբ Թովմաս ժողովրդապետութեան մէջ պիտի մատուցէ սուրբ Պատարագ եւ կէսօրին, Առաքելական Պալատի մուտքին գտնուող Ազատութեան հրապարակէն պիտի գլխաւորէ կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/07/2025, 10:38