Որոնել

Progetto senza titolo - 2

Վազք ապա անակնկալ ողջագուրում, Լեւոն Պապը եւ մանուկի մը ինքնաբուխութիւնը

Առաքելական սրբավայրի պահապանը պատմեց քնքուշ դէպք մը, որուն ականատես եղաւ անցեալ Յունիսին Վատիկանի Առաքելական Պալատի դուքսերու դահլիճին մէջ: Մէկ ընտանիքի հետ անձնական ունկնդրութեան ժամանակ փոքրիկ որդին վազած Քահանայապետին մօտ որ զայն տեսնելով խոնարհած է զայն գրկելու համար:

Հայր Պրունօ Սիլվեսթորինի` Օգոստինեան Միաբան

Անցեալ 7 Յունիս 2025-ին Առաքելական Պալատի «Sala Ducale» դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ շատ պարզ բայց մարդկայնականութեամբ խոր հանդիպում մը։ Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Ճովաննի Ճորտանոյի ընտանիքը, Հռոմի «Tor di Quinto» շրջանի «V.B. Salvo D’Acquisto» զօրանոցի «Carabinieri»ներու մատրանապետի համագործակիցը:

Հանդիպումին ներկայ էին կինն ու զաւակը, որ կենսուրախ և անխոնջ երեխայ մըն է, որ օժտուած է զարմանալի եռանդով։ Արդարեւ սպասումի ժամանակ ոչ մէկը կարող եղաւ զայն հանգիստ պահել, կը վազէր մէկ կողմէն միւսը, առանց նկատի առնելու ներկաները, կարծես թէ կ՛ապրէր սեփական աշխարհի մը մէջ...եւ ահա հազիւ Սրբազան Պապը յայտնուեցաւ անսպասելի բան պատահեցաւ։ Մինչ բոլոր չափահասներս, հանգիստ, յուզուած, գուցէ նոյնիսկ վրդոված` պահի սրբութիւնէն, այդ փոքրիկ տղան, կարծես, լուսավառուեցաւ. թողեց ամէն ինչ և, առանց տատամսելու, արագ վազեց դէպի Քահանայապետը՝ գրկելով զայն անկեղծ և ինքնաբուխ ողջագուրումով։

Պատկեր մը` որ ի ցոյց կը դնէ միայն մանկական սրտի մաքրութիւնը, որ կը ճանչնայ այն ինչ որ ճշմարիտ է, բարի և հիւրընկալ։

Լևոն ԺԴ-ը ժպտաց՝ քնքշօրէն փոխհատուցելով այդ անսպասելի և խոր ժեստը։ Չենք կրնար եթէ ոչ մենք մեզ հարցաքննել Աւետարանական այս տեսարանէն. «Ով որ փոքրիկ չի դառնար մանուկի մը նման, Երկնքի արքայութիւն չի մտներ» (հմմտ. Մատթէոս 18։3)։ Եւ ահա այս դրուագներուն մէջ է, որ Նախախնամութիւնը, կարծես, կ՛ ուզէ մեզի բան մը փսփսալ.. երբեմն ճիշտ անոնք որոնք ազատ հոգի ունին, որեւէ մէկ այլ անձէ աւելի կարող են ճանչնալ Աստուծոյ գեղեցկութիւնն ու հայրութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/07/2025, 12:57