Որոնել

«Համընդհանուր համակեցութեան համար» Օգոստոս ամսուայ Լեւոն ԺԴ Պապի աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը

«Պապին աղօթքի համաշխարհային ցանցը» քահանայապետական կազմակերպութիւնը հրապարակեց Օգոստոս ամսուայ Լեւոն ԺԴ. Պապին աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը։ Քահանայապետը կը հրաւիրէ աղօթելու հասարակութիւններուն համար, որպէսի թիրախ չդառնան ցեղային, քաղաքական, կրօնական կամ գաղափարախօսական պատկանելիութեան վրայ հիմնուած ներքին հակամարտութիւններու։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 29 յուլիսին, «Պապին աղօթքի համաշխարհային ցանցը» քահանայապետական կազմակերպութիւնը հրապարակեց Օգոստոս ամսուայ Լեւոն ԺԴ. Պապին աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը, որուն մէջ քահանայապետը կը հրաւիրէ աղօթելու որպէսզի հասարակութիւնները խուսափին ցեղային, քաղաքական, կրօնական կամ գաղափարախօսական պատկանելիութեան վրայ հիմնուած ներքին հակամարտութիւններէն ու կը խրախուսէ «փնտռել երկխօսութեան ուղիներ» եւ պատասխանել հակամարտութիւններուն եղբայրութեան ժեսթերով։

Տեսերիզին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը ըսաւ.

«Աղօթենք, որպէսզի հասարակութիւնները, որոն մէջ համակեցութիւնը աւելի դժուար կը թուի, թիրախ չդառնան ցեղային, քաղաքական, կրօնական կամ գաղափարախօսական հիմքերով հակամարտութեան փորձութեան։

Ո՛վ Յիսուս, մեր պատմութեան Տէրը,
հաւատարիմ բարեկամը եւ կենդանի ներկայութիւնը,
որ երբեք չես յոգնիր մեզի հանդիպելէ
ահա մենք կարիք ունինք քու խաղաղութեանը։

Մենք Կ՝ապրինք վախի եւ բաժանումի ժամանակներու մէջ,
Երբեմն կը վարուինք այնպէս, կարծես մինակ ենք,
կառուցելով պատեր, որոնք մեզ կը բաժնեն իրարմէ
մոռնալով, որ մենք եղբայրներ եւ քոյրեր ենք։

Ո՛վ Տէր, ուղարկէ Քու Հոգիդ,
որպէսզի մեր մէջ վերստին վառենք մէկը միւսին հասկնալու, լսելու, յարգանքով եւ կարեկցանքով ապրելու իղձը։

Տո՛ւր մեզի քաջութիւնը՝ փնտռելու երկխօսութեան ուղիներ,
պատասխանելու հակամարտութիւններու՝ Եղբայրութեան ժեսթերով
բանալու մեր սիրտերը ուրիշներուն առջեւ առանց վախնալու տարբերութիւններէն։

Դարձուր մեզի կամուրջներ կառուցողներ,
ունակ յաղթահարելու սահմաններն ու գաղափարախօսութիւնները,
ունակ տեսնելու ուրիշները սիրտի աչքերով
ճանչնալով իւրաքանչիւր մարդու մէջ անձեռմխելի արժանապատուութիւնը։

Օգնէ մեզի ստեղծելու տարածքներ, ուր յոյսը կարող է ծաղկիլ,
ուր բազմազանութիւնը սպառնալիք չէ,
այլ հարստութիւն մը, որ մեզ աւելի մարդկային կը դարձնէ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/07/2025, 16:00