Քահանայապետերը եւ Քասթել Կանտոլֆոն
Լևոն ԺԴ-ը տասնվեցերորդ Քահանայապետն է որ ընտրեց` 17-րդ դարու կէսերէն ի վեր Քահանայապետերու կողմէ որպէս ամարային նստավայր ընտրուած վայրին մէջ անցնել հանգստեան շրջանը։ Առաքելական Պալատը, զոր Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց միայն երեք անգամ, հանրութեան առջեւ բացուեցաւ 2016 թուականին դառնալով Թանգարանային կենտրոն։
Արդարեւ ԺԷ դարու կէսերէն ի վեր Քասթել Կանտոլֆոն Քահանայապետերու կողմէ օգտագործուած է որպէս ամարային նստավայր: Ուրպանոս Ը ․Պարպերինի Քահանայապետը եղած է առաջինը, որ սկիզբ դրած է այս աւանդութեան՝ 1626 թուականին: Պենետիկտոս ԺԶ․ Քահանայապետը եղած է վերջինը` որ Քասթել Կանտոլֆոն օգտագործած է այդ նպատակով եւ իր հրաժարականէն ետքն ալ մի քանի ամիսներ մնացած է այնտեղ, նախ քան Վատիկան փոխադրուիլը։
Ֆրանչիսկոս Պապը ընդհատած է այդ սովորութիւնը ամարային շրջանը անցնելով Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի իր բնակարանին մէջ ու միայն երեք առիթներով այցելած է Քասթել Կանտոլֆոն։ Առաջինը այցը տեղի ունեցաւ 23 Մարտ 2013-ին իր ընտրութենէն մի քանի օրեր ետք երբ գնաց այցելութիւն տալու հրաժարեալ Քահանայապետ Պենետիկտոս ԺԶ-ին։
Ֆրանչիսկոս Պապի որոշմամբ է ապա որ Առաքելական Պալատը վերածուեցաւ թանգարանի եւ բացուեցաւ զբօսաշրջիկներուն առջեւ։ Հուսկ 2023-ի փետրուարին այդ տարածքին մէջ գտնուող 55 հեկտար տարածքով այգին, միշտ Ֆրանչիսկոս Պապին որոշմամբ հաստատուեցաւ որպէս Հասարակաց Տան կազմաւորման ի նպաստ «Borgo Laudato si’» անուամբ ( թարգմանաբար՝ «Գովեալ ըլլաս» աւան) բնապահպանական կենտրոն։ Կեդրոնը իր անունը առած է հանգուցեալ Քահանայապետի նոյն անունը կրող շրջաբերականէն։
Հակառակ` որ Լեւոն ԺԴ. այս օրերուն կը բնակի Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ Առաքելական Պալատը կը շարունակէ բաց մնալ այցելուներուն համար, թէեւ ժամերու որոշ փոփոխութիւններով։ Արդարեւ Նորընտիր Քահանայապետը առ այժմ բնակութիւնը հաստատած է Առաքելական Պալատի տարածքին վրայ գտնուող «Villa Barberini» անուամբ առանձնատան մէջ, ուր անցեալ օրերուն ընդունեց նաեւ Ուքրանիոյ Նախագահը։
1929-ի Լատերանեան Պայմանագիրի շնորհիւ է որ Քասթել Կանտոլֆոն վերադարձաւ իր նախկին գործառոյթին՝ տաք ամիսներուն ողջունելով Քահանայապետերը:
Լեւոն ԺԴ. նախ քան ամարային շրջանին առիթով այնտեղ փոխադրուիլը, արդեն մի քանի անգամներ այցելած էր Պալատը առաջինը` 29 Մայիսին ապա անցեալ 3 Յուլիսին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
