Լեւոն ԺԴ. Զարգացնել Յիսուսի հետ բարեկամութիւնը՝ իւրաքանչիւր կոչումի հիմքը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 25 յուլիսին, Վատիկանի մէջ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ընդունեց «Ռէճինա Ափոսթոլորում Քահանայապետական համալսարան»իvկողմէ նախաձեռնուած կազմաւորումի դասընթացքի հետեւող կրթիչները, ինչպէս նաեւ «Ֆրադէլլի Սավերիանի» միաբանութեան ընդհանուր ժողովի մասնակիցները։
Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը Իր ուրախութիւնը յայտնեց ներկաներուն հետ կիսած այս ժամանակին համար, որ կը յաջորդէ Հռոմի մէջ տեղի ունեցած երկու կարեւոր հանգրուաններուն՝ «Ռէճինա Ափոսթոլորում քահանայապետական համալսարան»ի կողմէ տարիներ շարունակ խրախուսուող դպրեվանքերու կրթիչներուն դասընթացքին եւ վերջերս կայացած ընդհանուր ժողովին, «որուն ձեզմէ ոմանք մասնակցեցան որպէս պատուիրակներ», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով, որ թէեւ սա տարբեր առիթներ ըլլալով, երկուքը կապուած են ընդհանուր թելով. Երկուքն ալ կոչ են առաքելութեան զօրութենականութեան մէջ եւ դիմակայել աւետարանութեան մարտահրաւէրներուն։ Այս կոչը ձեռնադրուած քահանաներէ եւ աշխարհական հաւատացեալներէն կը պահանջէ ամուր եւ համապարփակ կրթութիւն, որ կը գերազանցէ ճանաչողական հմտութիւնները, նպատակ ունենալով վերափոխել մեր մտայնութիւնն ու հոգեւորականութիւնը, որպէսզի անոնք ստանան Աւետարանի կերպարանքը, եւ որպէսզի մեր մէջ տեղ գտնեն Յիսուսի Քրիստոսի մէջ եղած զգացումները։ (Փիլիպեցիներ 2։5), ըսաւ Նորին Սրութիւնը , Ան ապա իր խօսքը կեդրոնացուց մի քանի կէտերուն վրայ։
Առաջին, անդրադարձաւ վերջերս Կղերի վերատեսչութեան կողմէ կազմակերպուած, քահանաներուն նուիրուած միջազգային հանդիպումին «Երջանիկ քահանաներ» նիւթով ըսելով « Սակայն կարող ենք նաեւ ըսել, որ մենք բոլորս պէտք ենք վարակուիլ Աւետարանի ուրախութեամբ, ուստի կարող ենք խօսիլ երջանիկ քրիստոնեաներուն, երջանիկ առաքեալներուն եւ երջանիկ միսիոնարներուն մասին։ «Որպէսզի այս ձգտումը չմնայ, որպէս կարգախօս կարեւոր է, որ մեր կեանքի եւ մեր ուղեւորութեան տունը՝ ըլլայ կրօնական, ըլլայ աշխարական, հիմնուած ըլլայ ժայռին վրայ (Մատթէ 7,24-25), այսինքն ամուր հիմքերուն վրայ որոնք թոյլ կու տան մեզի դիմակայել մարդկային եւ հոգեւոր փոթորիկները, որոնց շարքին, քահանային եւ միսիոնարներուն կեանքի մէջ անխուսափելիօրէն առաջացնող փոթորիկները։
Զարգացնել Յիսուսի հետ բարեկամութիւնը։ Սա այն հիմքն է որ պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր կոչումի եւ առաքելական միսիոնի կեդրոնը։ Կարեւոր է անձամբ զգալ Յիսուսի հետ մտերմութիւնը, զգալով որ Ան մեզի կը նայի, մեզ սիրէ ու մեզ ընտրած է շնորհքի միջոցաւ։ Այս անձնական բարեկամութեան փորձառութիւնը Քրիստոսի հետ կը փոխանցուի ծառայութեան մէջ, ուրիշները քահանայական կեանքի կազմաւորելու մէջ ինչպէս նաեւ Աւետարանը առաքելութեան հողերը հասցնելու մէջ, նախ եւ առաջ փոխանցենք Քրիստոսի հետ հանդիպումի մեր անձնական փորձառութիւնը, որ կ՝արտացոլայ մեր ապրելակերպին մէջ, մեր մարդկայնութեան եւ մեր հաստատած յարաբերութիւններուն մէջ։
Լեւոն ԺԴ Պապ յիշեց Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը, որ «աւետարանումը աւելի է քան պարզապէս վարդապետութեան եւ բարոյականութեան փոխանցում։ Նախ եւ առաջ Յիսուս Քրիստոսի հետ անձնական հանդիպումին վկայութիւն է։ Աւետարանումը Աստուծոյ մասին գաղափառախօսութիւն կամ վարդապետութիւն չի փոխանցեր։ Այն Աստուծոյ փոխանցումն է, որ կենդանի է իմ կեանքիս մէջ (Ընդհանուր ունկնդրութիւն, 22 marzo 2023).
Սա կը պահանջէ դարձի գալու անընդհատ ուղեւորութիւն։ Կրթիչները ու բոլոր անոնք որոնք կը զբաղին անոնցմով պէտք է ըլլան անձնական աւետարանութեան անընդհատ գործընթացի մէջ՝ պատրաստ ըլլալով խորանալու իրենց սիրտերուն մէջ, լուծելու իրենց վէրքերն ու մութ կէտերը ու թոյլ տալու որ Աւետարանը փոխէ իրենց կեանքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
