Որոնել

Նոթր Տամ մայր տաճարը Նոթր Տամ մայր տաճարը 

Լեւոն ԺԴ. Պապին ցաւակցական գիրը Կարդինալ Անտրէ Վէն Թրուայի մահուան կապակցութեամբ

Քահանայապետին ցաւակցական գիրը Փարիզի Արքեպիսկոպոս գերպ Լորան Ուրլիկին՝ կարդինալ Անտրէ Վէն Թրուայի մահուան կապակցութեամբ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Իմանալով Փարիզի երբեմնի Եպիսկոպոս Կարդինալ Անտրէ Վէն Թրուայի Աստուծոյ մօտ վերադառնալու մասին, կը փափաքիմ իմ հոգեւոր մօտիկութիւնս եւ աղօթքի հաղորդութիւնը յայտնել այս ձեզ տանջող կորուստին համար», գրեց Նորին Սբրութիւը յղած ցաւակցական գիրին մէջ, ու յիշեց հանգուցեալին ընտանեկան պարագաները, Մարի Թերեզ տան աշխատաւորները, որոնք հիւանդութեան ժամանակ հոգ տարին Կարդինալ Վէն Թրուային, ինչպէս նաեւ Փարիզի թեմի կղերական դասն ու հաւատացեալները, որոնց 12 տարի շարունակ ծառայած էր որպէս հոգեւոր հովիւ։

Լեւոն ԺԴ Պապը իր աղօթքը վստահեցուց հանգուցեալին համար, որպէսզի Տէրը զինք ընդունի խաղաղութեան, հանգստութեան եւ լոյսի տան մէջ, հայցելով այն վարձատրութիւնը, զոր Աստուած խոստացած էր իր հաւատարիմ ծառաներուն։ Ապա, ի նշան մխիթարութեան, հեռագիրը աւարտեց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/07/2025, 12:24