Papa, continuiamo a pregare per pace e per vittime guerra

Մի՛ մոռանանք աղօթելու խաղաղութեան և բոլոր անոնց համար, որոնք բռնութեան ու պատերազմի պատճառով տառապանքի ու կարիքի մէջ են։

Լեւոն ԺԴ. Պապին ողջոյնի խօսքը Քասթել Կանտոլֆօ ժամանած ուխտաւորներուն
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 13 Յուլիսի կէսօրին, Քասթել Կանտոլֆոյի Առաքելական Պալատի մուտքէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը ողջոյնի խօսք ուղղեց աղօթքին առիթով ամարային այդ գիւղաքաղաքը ժամանած հազարաւոր ուխտաւորներուն.

«Եղբայրներ եւ քոյրեր, շատ ուրախ եմ ձեր միջեւ գտնուելուս Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ» ըսաւ Քահանայապետը ողջունելով քաղաքացիական իշխանութիւնները ու շնորհակալութիւն յայտնելով իրեն վերապահուած ջերմ ընդունելութեան համար։

Երանելի Լիարիոն Մայը

Ան ապա յիշեց երէկ Պարսելոնա քաղաքին մէջ Երանելի հռչակուած Եղբ. Լիքարիոն Մայը, որ սպաննուեցաւ 1909 թուականին, հաւատքին համար։

«Թշնամական պայմաններուn մէջ ան իր կրթական և հովուական առաքելութիւնը կատարեց նուիրուածութեամբ և քաջութեամբ: Թող այս նահատակի հերոսական վկայութիւնը ոգեշնչման աղբիւր ըլլայ բոլորի համար, յատկապէս անոնց համար, որոնք կ՛ աշխատին երիտասարդներու կրթութեան ոլորտէն ներս» ըսաւ ապա Քահանայապետը եւ ողջունեց աղօթքին մասնակցող ուխտաւորներու զանազան խումբերը յիշելով որ ամարային ամիսներու ընթացքին տարբեր ձեռնարկներ կը կազմակերպուին մանուկներու եւ պատանիներու համար այս ուղղութեամբ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր դաստիարակներուն ու անձնակազմի ադամներուն` որոնք կը նուիրուին այդ ծառայութեան։

Այս շրջագիծէն ներս Քահանայապետը յիշեց «Giffoni Film festival»ը, որ համայն աշխարհէն կը համախմբէ երիտասարդներ եւ որ այս տարի նուիրուած է «Մարդկային դառնալ» նիւթին։

Կոչ աղօթելու խաղաղութեան համար

«Եղբայրներ և քոյրեր, մի մոռանանք աղօթելու խաղաղութեան և բոլոր անոնց համար, որոնք բռնութեան ու պատերազմի պատճառով տառապանքի ու կարիքի մէջ են» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ու խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով` ուրախ կիրակի։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/07/2025, 12:38