Որոնել

Իրաք, Քութ, հրդեհ Իրաք, Քութ, հրդեհ 

Լեւոն ԺԴ. Պապը մօտիկ է Քուրթ քաղաքի մէջ հրդեհի հետեւանքով տառապողներուն

Վատիկանի Պետական քարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի, Լեւոն ԺԴ. Պապին անունով ուղղած հեռագիրը, Իրաքի Քութ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հրդեհի կապակցութեամբ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 19 յուլիսին, Վատիկանի Պետական Քարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Լեւոն ԺԴ. Պապին անունով հեռագիր ուղղեց Իրաքի Քութ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հրդեհի կապակցութեամբ։

Հեռագիրին մէջ ծիրանաւորը տեղեկացուց, թէ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը սիրտի խոր ցաւով ստացաւ Քուրթ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հրդեհին լուրը, որ բազմաթիւ զոհերու եւ վիրաւորներու պատճառ դարձաւ։ Նորին Սրբութիւնը իր հոգեւոր մօտիկութիւնը կ՝ապահովուէ, բոլոր անոնց որոնք կը տառապին այդ ողբերգութեան հետեւանքներէն, յատկապէս վիրաւորներուն եւ սգացող ընտանիքներուն։ Քահանայապետը զոհերուն հոգիները կը յանձնէ Ամենակարող Աստուծոյ սիրառատ ողորմութեան առջեւ եւ Իր աղօթքը կ՝ապահովուէ շտապ օգնութեան անձնակազմին համար ,որոնք կը շարունակեն օգնութիւն ցուցաբերել բոլորին։

Վատիկանի Պետական քարտուղարը հեռագիրը աւարտեց նշելով, «Քահանայապետը բոլորին վրայ զօրութեան, մխիթարութեան եւ խաղաղութեան Աստուածային օրհնութիւնը կը հայցէ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/07/2025, 10:20