Լեւոն ԺԴ.ի 2025 թուականի Օգոստոս եւ Սեպտեմբեր ամիսներու օրակարգը
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժին
Քահանայապետական ծիսակատարութիւններու արարողապետ, Արքեպիսկոպոս Տիեկօ Ռավելլին այսօր` 3 Յուլիսին հրապարակեց 2025 թուականի Օգոստոս եւ Սեպտեմբեր ամիսներու ընթացքին Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետի կողմէ գլխաւորելիք ծիսական արարողութիւններու օրակարգը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ․
3 Օգոստոսին, ժամը 9:00ին Հռոմի «Tor Vergata» թաղամասէն ներս Սրբազան Պապը պիտի նախագահէ Սուրբ Պատարագի արարողութեան՝ Երիտասարդութեան Յոբելեանի առթիւ։
15 Օգոստոս, ժամը 10:00ին Տիրամօր Վերափոխման Տօնին առիթով, Լեւոն ԺԴ․ Քասթել Կանտոլֆոյի «San Tommaso da Villanova» Քահանայապետական ծխական համայնքէն ներս պիտի մատուցանէ Սուրբ Պատարագ։
7 Սեպտեմբեր, ժամը 10:00ին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ Նորին Սրբութիւնը պիտի գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի եւ Երանելի Փիեր Ճորճօ Ֆրասսաթի ու Երանելի Քարլօ Աքութիսի Սրբադասման արարողութիւնը։
14 Սեպտեմբեր, ժամը 17:00ին «San Paolo fuori le mura» Քահանայապետական Պազիլիքայէն ներս Պապը պիտի գլխաւորէ Նոր նահատակներու- հաւատքի վկաներու համամիութենական ոգեկոչման արարողութիւնը։
28 Սեպտեմբեր, ժամը 10:00ին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ Սրբազան Հայրը պիտի նախագահէ Սուրբ Պատարագի արարողութեան՝ Կրօնուսոյցներու Յոբելեանի առթիւ ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
