Յիսուսի Սուրբ Սրտէն սորվինք կարեկցանքը. Լեւոն ԺԴ.

Հրատարակուեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին Յունիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը։ «Որպէսզի իւրաքանչիւրս մխիթարութիւն գտնէ Յիսուսին հետ անձնական յարաբերութեան մէջ ու Անոր սրճէն սորվի կարեկցիլ աշխարհին»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յունիս ամիսը ըստ աւանդութեան նուիրուած է Յիսուսի Սուրբ Սրտի ջերմեռանդութեան եւ ահա այս ուղղութեամբ է` որ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը, այս ամսուայ ընթացքին կը հրաւիրէ աղօթելու. «Որպէսզի մեզմէ իւրաքանչիւրս` Յիսուսին հետ անձնական յարաբերութեան մէջ գտնէ մխիթարութիւն, եւ Անոր սրտէն սորվի աշխարհին ի սպաս կարեկցութիւնը»։

Լեւոն ԺԴ. -ի առաջին աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը 

Իր ընտրութենէն ետքը այս առաջին անգամն է, որ Լեւոն ԺԴ.  ձայն կու տայ Քահանայապետի աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզին, որ տարածուեցաւ այսօր` Երեքշաբթի, 3 Յունիս 2025-ին, «Քահանայապետի աղօթքի համաշխարհային ցանց» Քահանայապետական հաստատութեան կողմէ, որ ամէն ամսուայ սկիզբը տեսերիզի միջոցաւ կը ներկայացնէ Քահանայապետին աղօթքի դիտաւորութիւնը։

Յիսուսի Սուրբ Սրտին նուիրուած անտիպ աղօթքը

«Այս ամսուայ տեսերիզին մէջ կը ներկայացուի Յիսուսի Սուրբ Սրտին նուիրուած անտիպ աղօթք մը, որով Քրիստոսին կը դիմենք, որպէսզի մեզի օգնէ զինք աւելի լաւ ճանչնալու, Անոր հետ մնալու ու Անոր սէրէն սորվելու, ապա` որպէսզի մեզ կերպարանափոխէ, Ինք ըլլայ մեր ամենօրեայ նպատակը ու մեզի ուղարկէ կարեկցութեան առաքելութեամբ` որ աշխարհին տանի մխիթարութիւն», կը կարդանք Յունիս ամսուայ Քահանայապետի աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզի հրատարակութեան առիթով տարածուած հաղորդագրութեան մը մէջ։

Քրիստոսին Սիրտը կը խորհրդանշէ Անոր անձի կեդրոնը, այն աղբիւրը, որտեղէն կը բխի Անոր սէրը մարդկութեան հանդէպ. Անիկա Աստուծոյ սրտին խորհուրդն է, որ կը յուզուի և իր սէրը կը զեղէ աշխարհին վրայ` բոլոր ժամանակներու մարդոց ու կիներուն վրայ։

Յիսուսի Սուրբ սրտին ջերմեռանդութիւնը եւ Քահանայապետերը 

Յիսուսի Սուրբ սրտին ջերմեռանդութիւնը նոր զարկ ստացաւ Սրբուհի Մարկերիթ Մարի Ալաքոքի ունեցած յայտնութիւններէն ետքը` ԺԸ դարուն։ Սուրբ Պիոս Իններորդ Պապը Յիսուսի Սուրբ Սրտին տօնը հռչակեց 1856 եւ 1889-ին Լեւոն ԺԳ. Քահանայապետը ամրապնդեց անոր իմաստը, զայն դարձնելով պաշտօնական տօն մը։

Արդարեւ այդ տարին` 1889-ին, Լեւոն ԺԳ. Քահանայապետը Յիսուսի Սուրբ Սրտին նուիրեց առաքելական նամակ մը` «Annum sacrum» վերտառութեամբ, որով համայն մարդկութիւնը նուիրագործեց Յիսուսի Սուրբ Սրտին։

1928-ին Պիոս ԺԱ. Քահանայապետը «Miserentissimum Redemptor» նամակին մէջ հրաւէր ուղղեց սիրոյ արարքներով ուղղել մեր մեղքերու պատճառաւ Քրիստոսի սրտին հասցուած վէրքերը, ապա անոր յաջորդը` Պիոս ԺԲ.` 1956 թուականին հրատարակեց «Haurietis aquas» առաքելական նամակը, որուն մէջ ուսումնասիրուած է Սուրբ Սրտին նուիրուածութեան աստուածաբանական հիմքը եւ վերջապէս, 2024-ին հանգուցեալ Ֆրանչիսկոս Պապը իր «Dilexit nos» շրջաբերականով առաջարկեց նուիրուածութիւն Քրիստոսի սրտին՝ որպէս արձագանք միանուագ մշակոյթին և անտարբերութեան։

Յունիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը 

«Որպէսզի իւրաքանչիւրս մխիթարութիւն գտնէ Յիսուսին հետ անձնական յարաբերութեան մէջ ու Անոր սրտէն սորվի կարեկցիլ աշխարհին» այս է ահա Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին Յունիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը որուն զօդուած է հետեւեալ աղօթքը.

Տէր, այսօր կու գամ քու քնքուշ սրտիդ մօտ,

քեզի կու գամ` որ ունիս սիրտը հրկիզող խօսքեր,

քեզի` որ փոքրիկներուն ու աղքատներուն վրայ կը զեղես կարեկցանք,

ու նաեւ անոնց վրայ` որոնք կը տառապին, ու նաեւ մարդկային բոլոր թշուառութիւններուն վրայ։

Կը ցանկամ քեզ ճանչնալ աւելիով, քու մասիդ խոկալ Աւետարանին մէջ,

քեզի հետ մնալ եւ քեզմէ սորվիլ,

եւ սորվիլ այն սէրէն` որով դուն թոյլ տուիր, որ քեզի դպչի

աղքատութեան ամէն ձեւ։

Մեզի ցոյց տուիր Հօր Աստուծոյ սէրը, մեզ սիրեցիր առանց չափի,

քու աստուածային ու մարդկային սրտովդ։

Բոլոր քու զաւակներուդ պարգեւէ քեզի հետ հանդիպելու շնորհքը։

Փոխէ, ձևաւորէ և վերափոխէ մեր ծրագիրները, որպէսզի մենք կարողանանք փնտռել միայն քեզ՝ իւրաքանչիւր հանգամանքի մէջ.

Աղօթքի մէջ, աշխատանքի մէջ, հանդիպումներու ու մեր առօրեայի սովորութիւններուն մէջ։

Եւ այս հանդիպումէն մեզ առաքէ առաքելութեան

աշխարհին համար կարեկցութեան առաքելութիւն մը`

ուր դուն աղբիւրն ես, որմէ կը ժայթքի ամէն մխիթարութիւն։

Ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/06/2025, 16:00