Որոնել

Russian glide-bomb attack on residential building in Kharkiv

Լեւոն ԺԴ. Պապ – Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային կապ

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակի տնօրէնը հաստատեց երէկ կէսօրէն ետքը Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետի եւ Ռուսիոյ նախագահի միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային կապը որուն ընթացքին Քահանայապետը խնդրած է որ Ռուսաստանը խաղաղութիւնը խթանող քայլ մը կատարէ ընդգծելով կողմերու միջեւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

Երէկ` 4 Յունիսի կէսօրէն ետքը, «տեղի ունեցաւ հեռախօսազրոյց մը` ընդմէջ Լեւոն ԺԴ. եւ Նախագահ Փութինի»։ Լուրը` երեկ երեկոյեան հաստատեց Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը` Տիար Մաթթէօ Պրունի։

Հեռաձայնային կապի ընթացքին, բացի փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերէն յատուկ ուշադրութեան արժանացաւ Ուքրանիոյ կացութիւնը եւ խաղաղութիւնը։ «Սրբազան Պապը կոչ ուղղեց` որպէսզի Ռուսաստանը խաղաղութիւնը խթանող քայլ մը կատարէ ու ընդգծեց երկխօսութեան կարեւորութիւնը կողմերու միջեւ դրական կապեր իրականացնելու եւ հակամարտութեան լուծումներ գտնելու համար», նշեց ի միջի այլոց Պրունին։

Խօսուեցաւ նաեւ «մարդասիրական կացութեան մասին եւ օգնութիւններ մատուցելու անհրաժեշտութեան մասին այնտեղ` ուր անոնք անհրաժեշտ են, ինչպէս նաեւ բանտարկեալներու փոխանակումի շարունակական ջանքերու եւ Կարդինալ Ծուփփիի այս ուղղութեամբ տարած աշխատանքի արժէքի մասին»։

Լեւոն ԺԴ. ակնարկեց նաեւ Քիրիլ Պատրիարքին շնորհակալութիւն յայտնելով ստացած բարեմաղթութիւններուն համար Քահանայապետութեան սկիզբի առիթով ապա ընդգծեց` թէ ինչպէս միասնական քրիստոնէական արժէքները կարող են ըլլալ լոյս մը, որ կը սատարէ խաղաղութեան փնտռտուքին, կեանքի պաշտպանութեան ու որոնելու կրօնական իսկական ազատութիւնը», ըսաւ միշտ Տիար Մաթթէօ Պրունի.

Յայտնենք` որ Լեւոն ԺԴ. Պապը հանդիպում ունեցած էր նաեւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ` 18 մայիսին եւ ան տարբեր առիթներով կոչ ուղղեց Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան համար։

11 մայիսի Ուրախ լեր Թագուհի Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ան հաստատած էր թէ իր սրտին մէջ կը կրէ սիրելի Ուքրանացի ժողովուրդին տառապանքը կոչ ուղղելով` որ կարելին կատարուի, որպէսզի շուտով ձեռք բերուի իսկական, արդար ու մնայուն խաղաղութիւն մը։ Թող ազատ արձակուին բանտարկեալները եւ մանուկները կարողանան վերադառնալ իրենց ընտանիքներուն մօտ», ըսած էր Լեւոն ԺԴ., որ ապա 18 Մայիսի Մարեմեան աղօթքի ընթացքին եւս յիշեց «մարտիրոս Ուքրանիան», իսկ 28 Մայիսին ընդգծեց` թէ իր մտածումը յաճախ կ՛երթայ ուքրանացի ժողովուրդին, որ թիրախ է «նոր, ծանր յարձակումներու, որոնք կատարուած են քաղաքացիներու ու ենթակառուցուածքներու դէմ», իր մօտիկութիւնն ու աղօթքը ապահովեցնելով բոլոր զոհերուն, մասնաւորապէս մանուկներուն եւ ընտանիքներուն։

«Ես անգամ մը եւս կոչ կ՛ընեմ դադարեցնելու պատերազմը և աջակցելու երկխօսութեան ու խաղաղութեան իւրաքանչիւր նախաձեռնութեան։ Կը խնդրեմ բոլորէն միանալ աղօթքին Ուքրանիայի մէջ խաղաղութեան համար ու խաղաղութեան բոլոր այն վայրերուն ուր մարդիկ կը տառապին պատերազմի պատճառաւ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2025, 07:00