2025.06.21 Leone XIV con monsignor José Nahúm Jairo Salas Castañeda

Գերապայծառ Սալաս Քասթանիետան` Քահանայապետական ճամբորդութիւններու համադրող

Ան կը յաջորդէ Կարդինալ Քովաքարին որ այս տարուայ Յունուար ամիսէն ի վեր կը վարէ Միջ կրօնական Վերատեսչութեան Վերատեսուչի պաշտօնը։

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

«Լևոն ԺԴ. Պապը Պետական ​​Քարտուղարութեան ընդհանուր գործերու բաժնի պաշտօնեայ՝ Գերապ. Խօսէ Նաում Ժայրօ Սալաս Քասթանիետային, վստահած է առաքելական ճամբորդութիւններու համակարգողի պաշտօնը։ Լուրը յայտարարեց այսօր Պետական Քարտուղարութեան Փոխանորդը Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքէն ետքը»։ Այս կը կարդանք Պետական Քարտուղարութեան կողմէ հրատարակուած թուիթի մը մէջ, որով կը յայտարարուի Քահանայապետական ճամբորդութիւններու նոր կազմակերպիչի անունը, տրուած ըլլալով` որ այս նշանակումը կատարուեցաւ ներքին կարգադրութեամբ։

Արդարեւ Կարդինալ Ժորժ Քովաքարտի կարդինալ դառնալէն ու 21 Յունուար 2025-էն ի վեր Միջ կրօնական Վերատեսչութեան Վերատեսուչի պաշտօնը ստանձնելէն ետքը հարկաւոր եղած էր նոր տնօրինումներ կատարել։

Գերապ. Սալաս Քասթանիետոն ծնած է 11 Յուլիս 1978 Մեքսիքոյի մէջ։ Քահանայ ձեռնադրուած է 4 դեկտեմբեր 2008-ին։ Հռոմի Լատերանեան Քահանայապետական համալսարանին մէջ աւարտած է Եկեղեցական Կանոնագիտութեան մասնաճիւղը։ Մէկ Յուլիս 2013էն ի վեր կը պաշտօնավարէ Պետական Քարտուղարութեան ներքոյ, ծառայութիւն մատուցելով Պուրունտիի (2013-2016),

Իրաքի (2016-2019) եւ Հունգարիոյ (2019-2023) Առաքելական Նուիրակութիւններուն մէջ։ 2023-ի մէկ Յուլիսէն ի վեր կը վարէր Եկեղեցւոյ վիճակագրութեան կենդրոնական գրասենեակի ղեկավարի պաշտօնը, որ կը կառավարէ Քահանայապետական ​​տարեգիրքը և անոր թուայնացումը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/06/2025, 13:26