Թող Յիսուսին սիրտը ոգեշնչէ մեր ծրագրերը, վերափոխէ մեր սրտերը և նորոգէ մեզ մեր առաքելութեան մէջ. Լեւոն ԺԴ Քահանաներուն
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Հինգշաբթի` 26 Յունիսի կէսօրէն ետքը Լեւոն ԺԴ Սրբազան Պապը ունեցաւ երկու կարեւոր հանդիպումներ, որոնցմէ առաջինը Սինոդի գլխաւոր քարտուղարութեան սովորական խորհրդի անդամներուն հետ, որոնք իրենց ժողովը գումարած էին «Քոնչիլիացիոնէ» պողոտայի վրայ գտնուող «Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի Քարտուղարութեան» կեդրոնին մէջ, որմէ ետքը Ան փոխադրուեցաւ միշտ «Քոնչիլիացիոնէ» պողոտայի վրայ գտնուող համանուն Լսարան, ուր տեղի կ՛ունենար Կղերի Վերատսեչութեան կողմէ կազմակերպուած «Ուրախ քահանաներ. Ձեզ կոչեցի բարեկամներ» վերտառութեամբ Քահանաներու հաւաք մը` որ յատկացուած էր բոլոր անոնց` որոնք ներգրաւուած են կոչումի հովուական ծառայութեան եւ նորընծայարաններու մէջ կազմաւորումի աշխատանքին մէջ։
Հաւաքը սկիզբ առաւ կէսօրէն ետք ժամը 2:45-ին աղօթքով, որուն յաջորդեց Կղերի Վերատեսչութեան Վերատեսուչին ողջոյնի խօսքը ապա վկայութիւններ ու թելադրանքներ ներկայացուեցան նախ Կոչումի Հովուական ծառայութեան վերաբերեալ ապա կազմաւորումի վերաբերեալ, որոնք ընդմիջուեցան Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին հետ տեղի ունեցած հանդիպումով, որուն ընթացքին Ան իր խօսքը ուղղելով ներկաներուն շեշտը դրաւ Քրիստոսի հետ բարեկամութեան կեդրոնականութեան վրայ` որպէս հիմքը քահանայական կոչումին։
«Մեծ ուրախութիւն է ինծի համար այսօր այստեղ ըլլալ ձեզի հետ։ Սուրբ տարուայ սրտին մէջ, մենք միասին կ՛ ուզենք վկայել, որ հնարաւոր է ըլլալ երջանիկ քահանաներ, քանի որ Քրիստոսը մեզ կանչեց դարձուց իր բարեկամները (հմմտ. Յովհ. 15։15)» ըսաւ Քահանայապետը աւելցնելով որ այս շնորհքը կ՛ընդունի «երախտագիտութեամբ և պատասխանատուութեամբ»։
Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Կղերի Վերատեսչութեան թանկարժէք աշխատանքին համար` զոր կը կատարուի ի նպաստ կազմաւորումին ու եկեղեցական հաղորդութեան, շեշտը դնելով Յիսուսին հետ անձնական ու մտերմիկ յարաբերութեան կարեւորութեան վրայ.
«Քրիստոսի հետ այս բարեկամութիւնը հոգեւոր հիմքն է ծառայական առաքելութեան մեր կուսակրօնութեան իմաստը և եկեղեցական ծառայութեան շարժիչ ուժը, որուն մենք կը նուիրենք մեր կեանքը։ Ան մեզի թիկունք կը կանգնի փորձութեան պահերուն և թոյլ կու տայ ամէն օր նորոգել մեր կոչման սկիզբին արտասանած «այո»-ն» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու շեշտը դրաւ Քահանայական կոչումի երեք կարեւոր կէտերու վրայ.
Նախ եւ առաջ կոչումը յարաբերութեան ուղեւորութիւն է։ Յիսուսին բարեկամներ դառնալը կը նշանակէ կազմաւորուիլ յարաբերութիւններուն եւ ոչ թէ պարտականութիւններուն մէջ։ Քահանայական կազմաւորումը Տիրոջ հետ մտերմութեան ուղի մըն է` որ կը ներգրաւէ համայն անձը, սիրտը, խելքը, ազատութիւնը եւ զայն կը ձևաւորէ Բարի Հովիւի պատկերով» ըսաւ Քահանայապետը որ աղա խօսեցաւ Քահանայական եղբայրութեան մասին որպէս հիմնական ոճ մը քահանայական կեանքին մէջ։
Քրիստոսին բարեկամներ դառնալը կ՛ենթադրէ ապրիլ որպէս եղբայրներ քահանաներու ու եպիսկոպոսներու միջեւ, խուսափելով մեկուսացումէն ու մրցակցութենէն։ Կազմաւորումը առ այդ պէտք է օգնէ կերտելու զօրեղ կապեր ու խթանելու հաղորդութիւնը եւ Սիւնհոդոսականութիւնը, կիսելով ծառայութեան յոգնութիւններն ու ուրախութիւնները։
«Ինչպէս կարող ենք ըլլալ կենդանի հասարակութիւններու կառուցողներ եթէ նախ եւ առաջ մեր միջեւ չկայ իսկական եւ անկեղծ եղբայրութիւն մը» հարց տուաւ Քահանայապետը դիտել տալով նաեւ թէ Քրիստոսի բարեկամ քահանաներ կազմաւորելը կը նշանակէ կազմել մարդիկ` որոնք «կարող են սիրելու, ունկնդրելու աղօթելու ու միասին ծառայելու»։
Ասոր համար պէտք է նաեւ հոգ տանիլ լաւ կազմաւորողներ պատրաստելու որոնք պէտք է ըլլան կենդանի օրինակներ աղօթքի, ծառայութեան եւ հաղորդութեան։ Եւ նորընծայարանները պէտք է ըլլան վայրեր հասարակական կազմաւորման ներգրաւելով համայն Աստուծոյ Ժողովուրդը, եղան Նորին Սրբութեան ներկայացուցած մի քանի խրատները։
Ան առ այդ ակնարկեց կոչումներու տագնապին հաւաստիացնելով որ հակառակ ասոր Աստուած կը շարունակէ կոչել ու թէ հարկաւոր են երիտասարդական վայրեր ու տարածքներ, որոնք բաց ըլլան Աւետարանին ու զօրեղ եւ ազատագրող կոչման առաջարկներ առաջարկեն երիտասարդներուն։
Ակնարկելով հուսկ վաղը յիշատակուող Յիսուսի Սուրբ Սրտին տօնին Լեւոն ԺԴ հրաւիրեց թոյլ տալ փոխակերպուիլ այդ «այրող թուփով» այս ծիրէն ներս ակնարկելով Ֆրանչիսկոս Պապին «Dilexit nos» շրջաբերականին` որպէս ուղեցոյց Քահանաներուն) որոնք կ՛ուզեն գործը միացնել խոկումին։
Քահանայական առաքելութիւնը, այս ժամանակահատուածի ընթացքին ուր կը թուայ որ շատեր հեռացած են հաւատքէն, պէտք է ըլլայ արի, կարեկից եւ ուրախ, վկայելով Քրիստոսին ծառայելու ուրախութիւնը, հաստատեց ի միջի այլոց Սրբազան Պապը ու շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր քահանաներուն յատկապէս անոնց որոնք կը գործեն «դժուար վայրերու մէջ» ու յիշեց նաեւ այն քահանաները որոնք իրենց կեանքը զոհեցին ի սէր Աւետարանին ապա հրաւիրեց ներկաները դիմելու Յիսուսի Սուրբ Սրտին անորմէ հայցելով դառնալու միսիոնար աշակերտներ եւ հովիւներ իր կամքին համաձայն` փնտռելով կորսուածը, ծառայելով աղքատին, հեզութեամբ առաջնորդելով անոնք որոնք մեզի յանձնուած։
«Թող Յիսուսին սիրտը ոգեշնչէ մեր ծրագրերը, վերափոխէ մեր սրտերը և նորոգէ մեզ մեր առաքելութեան մէջ» ըսաւ Քահանայապետը աւարտելով իր ճառը որուն ապա սրտաբուխ խօսք մը աւելցուց ըսելով. Հաւաքը աւարտելու համար կ՛առաջարկեմ հակիրճ աղօթքի պահ մը եւ կ՛ուզեմ ընդգծել Քահանայի հոգեւոր կեանքի կարեւորութիւնը։
Մենք շատ անգամ երբ կարիքը ունինք օգնութեան փնտռենք լաւ «ընկերակցող» մը, հոգեւոր հայր մը, լաւ խոստովանեցնող։ Այստեղ ոչ մէկը միայնակ է, նոյնիսկ եթէ կը գործես հեռաւոր առաքելութեան մը մէջ, դուն մինակ չես։ Փորձեցէք ապրիլ այն ինչ որ Ֆրանչիսկոս Պապը շատ անգամ կոչեց «մօտիկութիւն», մօտիկութիւն Տիրոջ հետ, մօտիկութիւնը ձեր եպիսկոպոսին կամ մեծաւորին հետ ու նաեւ ձեր միջեւ, որովհետեւ դուք պէտք է իրապէս ըլլաք բարեկամ, եղբայրներ,,,մենք ունինք մեծ առաքելութիւն մը ու կարող են զայն բոլորս միասին կատարել։ Վստահինք միշտ Աստուծոյ շնորհքին վրայ, ես ալ ձեզի մօտիկ եմ ու միասին կարող ենք իսկապէս դառնալ աշխարհի մէջ ձայն մը» ըսաւ Լեւոն ԺԴ ու հրաւիրեց միասին աղօթելու Հայր Մերն ու Ողջոյն քեզ Մարիամ աղօթքները ապա ներկաներուն շնորհեց իր օրհնութիւնը։
Վերոնշեալ հաւաքի աւարտին բոլոր քահանաները ուղղուեցան Սուրբ Պետրոս տաճար ուր տեղի ունեցաւ կոչումներու աղօթքի հսկումը որուն մասնակցեցան այս օրերուն Հռոմ ժամանած հազարաւոր քահանաներ, եպիսկոպոսներ ու նորընծաներ եւ զոր նախագահեց Աւետարանութեան Վերատեսչութեան համա-վերատեսուչ Գերապ. Ռինօ Ֆիզիքելլան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
