Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը  (ANSA)

Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Հասարակածային Կինէա հանրապետութեան նախագահը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին Հասարակածային Կինէա հանրապետութեան նախագահ, տիար Թէոտորօ Օպիանկ Նկէմա Մպասոկօ հետ հանդիպումի վերաբերեալ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Այսօր շաբաթ, 28 յունիսին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Վատիկանի առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Հասարակածային Կինէա հանրապետութեան նախագահ, տիար Թէոտորօ Օպիանկ Նկէմա Մպասոկօ։ Լուրը կը կարդանք Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ ու կը նշուի թէ Հասարակածային Կինէա հանրապետութեան նախագահը հանդիպում ունեցաւ Պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութիւններուն քարտուղար, Գեպ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերին հետ։

Պետական քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Սուրբ Աթոռի եւ Հասարակածային Կինէա հանրապետութեան միջեւ երկկողմանի բարի յարաբերութիւններու, ուշադրութիւն կեդրոնացնելով Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներդրումին վրայ՝ կրթութեան ե, առողջապահութեան ոլորտներէն ներս, ինչպէս նաեւ մարդկային, ընկերային եւ մշակութային զարգացման գործին մէջ։

Հանդիպումի ընթացին տեղի ունեցաւ կարծիքներուն փոխանակումը միջազգային ժամանակակից հարցերուն շուրջ, մասնաւորապէս Կեդրոնական եւ Արեւմտեան Ափրիկէի երկիրներուն մէջ հակամարտութիւններուն հետեւանքներով ծագած հանրային անվտանգութեան խնդիրներուն շուրջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/06/2025, 12:59