Պաղեսին, անօթութիւն, աղքատութիւն, գաղթական Պաղեսին, անօթութիւն, աղքատութիւն, գաղթական  (ANSA)

Լեւոն ԺԴ. Մարդիկ սովամահ ընելը գայթակղութիւն է եւ խնայողական ձեւով պատերազմ կատարել է։

Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը ՄԱԿ-ի Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան 44-րդ համաժողովի մասնակիցներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Պապը պատգամ մը ուղղելով ՄԱԿ-ի Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան 44-րդ համաժողովի մասնակիցներուն ողջունեց կազմակերպութեան ղեկավարները, մասնաւորապէս ընդհանուր տնօրէն Քո Տոնկուն շնորհակալութիւն յայտնելով կազմակերպութեան պարենային անապահովութեան եւ թերսնման հարցին համարժէք լուծումներ գտնելու ուղղութեամբ ամենօրեայ աշխատանքին համար, որ կը շարունակէ մնալ մեր ժամանակներու ամենամեծ մարտահրաւէրներէն մէկը։

«Եկեղեցին կը խրախուսէ համաշխարհային սովին գայթակղութիւնը վերջ դնելու բոլոր նախաձեռնութիւնները, հետեւելով Տէր Յիսուսի զգացումներուն, որ ինչպէս կը պատմեն աւետարանները, տեսնելով որ մեծ բազմութիւն մը կը մօտենայ Իրեն՝ լսելու իր խօսքը, նախ եւ առաջ մտահոգուած է անոնց ուտելիք տալու հարցով եւ այդ պատճառով խնդրեց աշակերտներէն ստանձնել այդ խնդիրը, առատօրէն օրհնելով գործադրուած ջանքերը։ ( Յովսհ 6,1-13), կը նշէ Նորին Սրբութիւնը։

Պատգամին մէջ քահանայապետը կ՝ընդգծէ աշխարհի մէջ սովի եւ անարդարութեան ողբերգութիւնը, որոնք դատապարտուած են որպէս պատերազմի եւ ճնշումին գործիքներ, դիտել տալով որ Հակամարտութեան զէնք հանդիսացող սովը բազմաթիւ մարդոց մասնաւորապէս անպաշտպան քաղաքացիական անձերուն մահուան պատճառ կը դառնան, մինչդեռ քաղաքական ղեկավարները կը բարգաւաճին կաշառակերութեան եւ անպատժելիութեան շնորհիւ։

Նորին Սրբութիւնը ապա կ՝ընդգծէ թէ ինչպէս ֆինանսական եւ արհեստագիտական հարստութիւնները շեղուած են աղքատութեան եւ սովի դէմ պայքարէն՝ փոխարէնը օգտագործելով զէնքի արտադրութեան եւ առեւտուրի համար, աճեցնելով հակասական գաղափարախօսութիւններ եւ վատթարացնելով մարդկային յարաբերութիւնները։ Քահանայապետը կոչ կ՝ընէ համաշխարհային յանձնառութեան՝ դառնալու խաղաղութեան արհեստաւորներ, յաղթահարելու անպտուղ հռետորութիւնը եւ ընդունելու ընդհանուր բարօրութեան վրայ հիմնուած շօշափելի միջոցառումներ»։

Լեւոն ԺԴ. Պապը կը յիշեցնէ Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը՝ յորդորելով յաղթահարելու քաղաքական տարաձայնութիւնները՝ համագործակցելու եւ իրարու վստահելու պատրաստակամութեամբ, լուծելու պարէնային եւ ընկերային ճգնաժամերը։ Նորին Սրբութիւնը կոչ կ՝ընէ եկեղեցւոյ եւ աշխարհին վերջ դնելու սովի գայթակղութեան, յիշելով հացի բազմացումի հրաշքը, որպէս բաժնեկցութեան եւ զօրակցութեան նշան եւ ոչ թէ հարստութիւններու կուտակում։ Հակառակ բոլոր յառաջդիմութիւններուն, համաշխարհային պարէնային անվտանգութիւնը կը մնայ փխրուն եւ կը մնայ հեռու 2030 թուականի օրակարգի «զերօ սով» նպատակէն, իսկ պարէնային ճգնաժամը վատթարացումի մէջ է հակամարտութեան եւ անկայունութեան շրջանակներէն ներս, ուր սովը կը դառնայ տնտեսական եւ ռազմական զէնք, կը նշէ քահանայապետը ու դատապարտէ թէ ինչպէս պատերազմներն ու քաղաքական ճգնաժամերը կը խոչնդոտեն սնունդի արտադրութիւնն ու բաշխումը, աճեցնելով աղքատութիւնն ու տառապանք։ Ան կոչ կ՝ուղղէ որդեգրելու յստակ սահմանափակումներ եւ պատժամիջոցներ չարաշահումներու դէմ, որպէսզի խօսքերը դառնան գործողութիւններ ու արդիւնաւէտ աշխատանքները երաշխաւորեն յոյսի ապագան։ Նորին Սրբութիւնը կ՝ընդգծէ ապագայ սերունդներուն համար անարդարութեան եւ անհաւասարութեան ժառանգութենէն խուսափելու կարեւորութիւնը՝ ընդգծելով թէ ինչպէս հակամարտութիւններն ու բնապահպանական ճգնաժամերը կը խոչնդոտէն կայուն գիւղատնտեսական-սննդային համակարգերը։ Քահանայապետը կը խթանէ անկեղծ երկխօսութիւնն ու համակարգուած կլիմայական գործողութիւնները՝ պաշտպանելու համար խոցելի համայնքները եւ ապահովուելու համար առողջ եւ մատչելի սննդակարգ։

Քահանայապետը կը յիշեցնէ նաեւ պարէնային համակարգերը թարմացնելու, արարչագործութեան շահագործումը յաղթահարելու կարեւորութիւնը, աջակցելով բնական պաշարներու աւելի կայուն կառավարման։։

Սուրբ Աթոռը յանձնառու է ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան եւ համագործակցութեան խթանման՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով առաւել տառապողներուն եւ կը հանդիսանայ սովէն եւ տառապողներուն խօսնակը, կը գրէ Լեւոն ԺԴ. Պապը ու պատգամը կ՝աւարտէ ապահովուելով իր աղօթքը, որպէսզի ՄԱԿ-ի պարէնային եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան աշխատանքը շօշափելի պտուղներ տայ մարդկութեան համար՝ աջակցելով աւելի արդար, աջակից եւ խաղաղ աշխարհի՝ ուր ոչ մէկ անտեսուած կ՝ըլլայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/06/2025, 13:46