Որոնել

Սուրբ Պատարագ քահանաներու ձեռնադրութեան Սուրբ Պատարագ քահանաներու ձեռնադրութեան  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Մի՛ մոռնաք որ Սուրբ Քահանան սրբութիւն կը ծաղկեցնէ իր շուրջը

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին պատգամը Ամենասուրբ Սրտին տօնին առթիւ որուն կը զուգադիպի նաեւ Քահանաներու Սրբացման աղօթքի համաշխարհային օրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 27 յունիսին, Ամենասուրբ Սրտին տօնին օրը,, որուն կը զուգադիպի նաեւ Քահանաներու Սրբացման աղօթքի համաշխարհային օրը, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը երախտագիտութեան եւ վստահութեան պատգամ ուղղեց քահանաներուն ընդգծելով, թէ Յիսուսի Սուրբ Սիրտը՝ խոցուած սիրով, կենդանի եւ կենսատու մարմին է, որ կ՝ողջունէ իւրաքանչիւր քահանայ կերպարանափոխելով Բարի Հովիւին պատկերին։

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ Քահանայական սրբացման տօնը հրաւէր է նորոգելու կոչումը՝ Աստուծոյ ժողովուրդի ծառայութեան համար, ամբողջական անձնուիրումով, սկսելով աղօթքէն եւ պահպանելով Տիրոջ հետ միութիւնը, որ կը վերակենդանացնէ քահանայական կոչումը։

«Ըստ Սուրբ Օգոստինոսին, Քահանայական շնորհքը յիշելը «Կը նշանակէ մտնել հսկայական եւ առանց յատակի սրբավայր մը», (տես. Խոստովանութիւններ Ժ, 8.15), որ ոչ միայն պարզապէս կը պահպանէ անցեալէն բան մը, այլ միշտ արդիական եւ նոր կը դարձնէ անոր մէջ պարունակուածը։ Յիշելը կը միացնէ մեր սիրտերը Քրիստոսի Սիրտին մէջ եւ մեր կեանքը Քրիստոսի կեանքին մէջ, որպէսզի մենք կարողանանք Աստուծոյ սուրբ ժողովուրդին հասցնել Փրկութեան խօսքն ու Փրկութեան խորհուրդները՝ սիրով հաշտուած աշխարհի համար» գրեց Սրբազան Հայրը հրաւիրելով  ըլլալու միութեան եւ խաղաղութեան կառուցողներ, յատկապէս ընտանիքներուն, եկեղեցական համայնքներու մէջ աճող լարուածութիւններուն մէջ խթանելով հաշտութիւն եւ հաղորդութիւն։

«Միութեան եւ խաղաղութեան կառուցողներ ըլլալ կը նշանակէ դառնալ զատորոշելու ունակ հովիւներ՝ հմուտ մեզի վստահուած կեանքի բեկորները կազմելու արուեստին, որպէսզի կարողանանք մարդոց օգնել գտնելու Աւետարանի լոյսը գոյութեան դժուարութիւններէն ներս. Միութեան եւ խաղաղութեան կառուցողներ ըլլալ կը նշանակէ դառնայլ իրականութեան իմաստուն ընթերցողներ, անցնելով պահի զգացումներէն, վախերէն եւ նորաձեւութենէն...
Միութեան եւ խաղաղութեան կառուցողները ըլլալ կը նշանակէ, ոչ թէ ինքզինքդ պարտադրել, այլ ծառայել, նշեց Քահանայապետը իր պատգամին մէջ  հրաւիրելով քահանաները, այսօր՝ Քրիստոսի սիրտին դիմաց վերանորոգելու իրենց «այո»ն Աստուծոյ ու Անոր Սուրբ Ժողովուրդին, թոյլ տալով կազմաւորուիլ Շնորհքէն, պահպանելով քահանայական ձեռնադրութենէ ստացուած Հոգիին կրակը, որպէսզի, միացած Անոր հետ, կարենան ըլլալ Յիսուսի սիրոյ խորհուրդը»։

«Մի վախնաք ձեր փխրութենէն. Տէրը կատարեալ քահանաներ չփնտռեր, այլ խոնարհ սիրտեր, դարձի գալու եւ սիրելու պատրաստ, այնպէս ինչպէս Ինք մեզ Սիրեց»,

Յիշելով ապա Ֆրանչիսկոս Պապը Լեւոնդ ԺԴ. պատգամին մէջ նշեց, որ Ֆրանչիսկոս Պապը սուրբ Սիրտի ջերմեռանդութիւնը առաջարկեց, որպէս Քրիստոսի հետ անձնական հանդիպումի վայր, (Dilexit nos, 103), որպէս վայր՝ ուր մենք կարող ենք լուծել մեր ներքին բախումներն ու աշխարհի մարտահրաւէրները, որոնք կը քանդեն ժամանակից աշխարհը, որովհետեւ Անոր մէջ մենք կարող ենք երջանիկ եւ առողջ ձեւով իրարու հետ յարաբերիլ եւ աշխարհի մէջ կառուցել սիրոյ եւ արդարութեան արքայութիւն»։

Լեւոն ԺԴ. Պապը պատգամը եզրափակեց գրելով, որ «Այս սուրբ տարուան ընթացքին՝ որ մեզ կը հրաւիրէ ըլլալու յոյսի ուխտաւորներ, մեր ծառայութիւնը այնքան աւելի բեղուն կը դառնայ, այնքան որ աւելի արմատաւորուած է աղօթքի, ներումի, աղքատներու, ընտանիքներուն, ճշմարտութիւնը որոնող երիտասարդներուն հանդէպ մերձաւորութեան մէջ։ Մի մոռնաք, որ Սուրբ Քահանան սրբութիւնը կը ծաղկեցնէ իր շուրջը», նշեց ՍրբազաՆ Հայրը ու պատգամը աւարտեց Հայցելով Տիրամօր, Առաքեալներու Թագուհիին եւ Քահանաներու Մօր հովանին եւ շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/06/2025, 12:13