Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետ

Լեւոն ԺԴ. Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալները հաղորդութեան օրինակ

Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը գլխաւորեց Պետրոսը եւ Պօղոս առաքեալներուն տօնին առթիւ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, որուն ընթացքին կատարուեցաւ եկեղեցական հաղորդութիւնն ու միութիւնը խորհրդանշող Պալիումի` (Եմիփորոն) յանձնումի արարողութիւնը նոր 54 մեթրոբոլիթ արքեպիսկոպոսներուն։ Քահանայապետին արտասանած քարոզի նիւթը եղաւ Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներուն վկայութիւններէն քաղուած երկու երեւոյթներ. Եկեղեցական հաղորդութիւն եւ հաւատքի կենսունակութիւն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի, 29 յունիսին, Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներուն տօնին առթիւ, Լեւոն ԺԴ. Պապը Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ գլխաւորեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը ու կատարեց եկեղեցական հաղորդութիւնն ու միութիւնը խորհրդանշող Պալիումի` (Եմիփորոն) յանձնումի արարողութիւնը նոր 54 մեթրոբոլիթ արքեպիսկոպոսներուն։ Սուրբ Պարարագի ընթացքին արտասանած քարոզի նիւթը Քահանայապետը կեդրոնացուց Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներուն վկայութիւններու երկու երեւոյթներու վրայ. Եկեղեցական հաղորդութիւն եւ Հաւատքի կենսունակութիւնը։ 

Եկեղեցական հաղորդութիւն

Մեկնաբանելով օրուան ընթերցուածը քաղուած Գործ Առաքելոց գիրքէն, Քահանայապետը նշեց,  «Թէ Պետրոս, թէ Պօղոսը, իրենց կեանքը զոհաբերեցին աւետարանին համար։ Սակայն՝ այս միասնութիւնը հաւատքի մէկ խոստովանութեան մէջ խաղաղ նուաճում չէ։ Երկու աշակերտները հոն հասան, որպէս նպատակ եւ որուն կը հասնին երկար ուղեւորութենէն ետք եւ որուն ընթացքին իւրաքանչիւրը ողջագուրեց հաւատքը եւ ապրեցաւ առաքելական կեանքը տարբեր ձեւով, ըսաւ Լեւոն ԺԴ. Պապը աւելցնելով, որ Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներուն պատմութիւնը հրաւէր է խորհելու բազմազանութեան մէջ միութեան մասին, չնայած ծագումին, գաղափարներու եւ համեմատութիւններուն տարբերութիւններուն, անոնք Հոգիին մէջ ապրեցան խոր հաղորդութիւն՝ վկայելով, թէ ինչպէս շնորհապարգեւներուն եւ պարգեւներուն բազմազանութիւնը կը նպաստէ աւետարանի քարոզչութեան։

«Պետրոս եւ Պօղոս առաքելաներուն պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, որ այն հաղորդութիւնը որուն Տէրը մեզի կանչեց, ձայներու եւ դէմքերու ներդաշնակութիւն է եւ չեղարկեր իւրաքանչիւրին ազատութիւնը։ Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներուն եղբայրութիւնը, պատմութիւնը, «մեզ հարցականի տակ կը դնէ եկեղեցական հաղորդութեան ուղին։ Եկեղեցական հաղորդութիւնը կը ծնի Հոգիին մղումէն, կը միացնէ բազմազանութիւն եւ կը ստեղծէ շնորհապարգեւներուն, պարգեւներու եւ ծառայութիւններուն տարբերութիւններուն միջեւ միութեան կամուրջներ», ըսաւ Քահանայապետը ընդգծելով «կարեւոր է այպէս սորվիլ հաղորդութիւնը. որպէս միութիւն բազմազանութեան մէջ, որովհետեւ պարգեւներուն տարբերութիւնը՝ միացած հաւատքի մէջ կը նպաստէ Աւետարանի հռչակման։ Մենք կոչուած ենք քալելու այս ճանապարհով, նայելով Պետրոսի եւ Պօղոսի, որովհետեւ կարիքը ունինք նման եղբայրութեան։ Եկեղեցին անոր կարիքը ունի, աշխարականներու եւ քահանաներուն, քահանաներուն եւ եպիսկոպոսներու, Եպիսկոպոսներու եւ Պապի միջեւ յարաբերութիւնները անոր կարիքը ունին, այնպէս ինչպէս կարիքը ունին հովուական ծառայութեան կեանքը, համամիութենական երկխօսութիւնը, բարեկամութեան յարաբերութիւնը զոր եկեղեցին կը բաղձայ հաստատել աշխարհին հետ։

հաւատքի կենսունակութիւնը

Քահանայապետը նշեց, թէ Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներուն վկայութիւնը մեզ հարցականի տակ կը դնէ մեր հաւատարմութիւնը, ժամանակակից մարտահրաւէրներուն արձագանգելու մեր կարողութիւնը, կենդանի պահելով Յիսուսի հետ յարաբերութիւնները, ինչպէս Յիսուս կը հարցնէ «Բայց դուք ինչ կ՝ըսէք որ ես եմ» (Մատթ 16,15)։

«Ամէն օր, պատմութեան ամէն ժամ, մենք միշտ ուշադրութիւն պէտք է դարձնենք այդ հարցումին։ Եթէ չենք ուզեր, որ մեր քրիստոնեայ ըլլալը վերածուի անցեալի ժառանգութիւն, ինչպէս Ֆրանչիսկոս Պապ յաճախ զգուշացուցած է մեզի, կարեւոր է դուրս գալ յոգնած եւ անշարժ հաւատքի վտանգէն, մենք մեզի հարցնելու համար, այսօր մեզի համար ո՞վ է Յիսուս Քրիստոսը, ի՞նչ տեղ կը զբաղեցնէ մեր կեանքին մէջ եւ եկեղեցւոյ գործունէութեան մէջ։ Ինչպէ՞ս կրնանք վկայել այս յոյսը ամէնօրեայ կեանքին մէջ եւ հռչակել անոնց որոնք կը հանդիպինք։

«Եղբայրներ եւ քոյրեր, այս հարցումներէն բղող զատորոշումի գործադրումը թոյլ կու տայ մեր հաւատքին եւ եկեղեցւոյ, որ անընդհատ վերանորոգուի եւ փորձարկէ Աւետարանի հռչակման ուղիներ եւ նոր գործելակերպեր։ Սա հաղորդութեան հետ միասին, պէտք է ըլլայ առաջին իղձը։ Մասնաւորապէս այսօր պիտի ուզէի դիմել Հռոմի եկեղեցւոյ, որովհետեւ Ան աւելի քան միւսներէն կանչուած է դառնալու միութեան եւ հաղորդութեան նշան, կենդանի հաւատքով եռանդուն եկեղեցի, առաքեալներու  Հասարակութիւն, որ կը վկայեն Աւետարանի ուրախութիւնն ու մխիթարանքը մարդկային բոլոր իրավիճակներու մէջ» ըսաւ Նորին Սրբութիւն։ Ան քարոզը աւարտեց ողջունելով այսօր ՝Պալլիում ստացող բոլոր արքեպիսկոպոսները, ողջունեց Ուքրանիոյ Յոյն Կաթողիկէ եկեղեցւոյ սինոդի անդամները, ինչպէս նաեւ Տիեզերական Պատրիարքութեան պատուիրակութիւնը, «ուղարկուած սիրելի եղբայր Նորին Սրբութեան Բարթողոմէոսի կողմէ»։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/06/2025, 10:01