Լեւոն ԺԴ. Դարձի գալ, առաքելութիւն եւ ողորմութիւն՝ եկեղեցւոյ երեք լուսաւոր ծաւալները
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 6 յունիսին, Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց «Սուրբ Ֆրանչիսկոսի երրորդ կարգ», «Ափրիկէի առաքելութիւններուն ընկերութիւն» եւ «Սուրբ Հոգիին ծառաներ», երեք միաբանութիւններու ընդհանուր մեծաւորներն, վարչական կազմի անդամներն ու կրօնաւորները։
Սրբազան Քահանայապետը այս առթիւ արտասանած պատգամը սկսաւ հրաւիրելով ներկաները աղօթելու իրենց հաստատութիւններուն կրօնաւորներուն համար, որպէսզի անոնց «խորհրդածութիւնն ու առաքելական եռանդը միաւորեն, այնպէս ինչպէս կը սորվեցնէ Վատիկանի Տիեզերական Բ Ժողովը»։
Նորին Սրբութիւնը ապա ընդհանուր ակնարկ կատարեց վերոյիշեալ երեք միաբանութիւններուն մասին նշելով, որ յիշեալ երեք միաբանութիւնները կը ներկայացնեն խարիզմաթիկ երեք իրականութիւններ, որոնք ծնած են երեք տարբեր դարաշրջաններուն մէջ, բայց լրացուցիչ են Քրիստոսի խորհրդաւոր Մարմինի մէջ.
«Սուրբ Ֆրանչիսկոսի կանոնական երրորդ կարգ»ը հիմնուած է միաբանութեան միեւնոյն սուրբին կողմէ՝ 1447ին, «Ափրիկէի մէջ առաքելութիւններուն ընկերութիւն», հիմնուած է 1856ին, Մէլչոր Տէ Մարիոն Պրէսիլլաք եպիսկոպոսի կողմէ, որ «առաքելական սիրտով դիմագրաւեց եւ յաղթահարեց բազմաթիւ դժուարութիւններ, հաւատարիմ մնալով աւետարանին քարոզչութեան եւ պարզութեան», ապա «Սուրբ Հոգիի ծառաներ», միաբանութիւնը հիմնուած է 1942ին, Հայր Ճէրալտ Ֆիզկերալտի կողմէ, «նուիրուած դժուարութիւններուն մէջ գտնուող քահանաներուն խնամքին՝ մերձաւորութեան ծառայութեամբ, որ բոլորին մէջ կը ճանչնայ փխրունութիւնն ու ողորմածութեան կարիքը»։
Կեդրոնանալով ապա երեք միաբանութիւնները բնութագրող յատկութիւններուն վրայ Լեւոն ԺԴ. Պապը նշեց, որ «Ֆրանչիսկեաններուն երրորդ կարգ» միաբանութեան ապաշխարութեան շնորհապարգեւը կը հրաւիրէ անընդհատ դարձի գալու, Քրիստոսի խօսքերը մեր եղբայրներուն առաջարկելու համար։
«Ափրիկէի միսիոնարներու ընկերութեան« առաքելութիւնը կը վկայէ միսիոներական կոչումի հաւատարմութիւն եւ դժուարութիւնները դիմագրաւելու կարողութիւն՝ հաւատքով եւ պարզութեամբ, հռչակելով Աւետարանը ամբողջ աշխարհին։
«Սուրբ Հոգիին ծառաները` մեզի կը յիշեցնեն, որ մենք նոյնպէս՝ Քրիստոսի ծառաներ, կարիքը ունինք բուժումի, ողորմութեան, այնպէս ինչպէս մեզի կը սորվեցնէ Սուրբ Օգոստինոսը. «Ներել եւ ողորմութիւն շնորհել, փրկութեան երկու գործիքներ են»։
Լեւոն ԺԴ. Պապ պատգամը աւարտեց ըսելով, որ վերոյիշեալ երեք իրականութիւնները կ՝արտացոլացնեն եկեղեցւոյ գեղեցկութիւնը՝ դարձի գալու նուիրուածութիւնը, միսիոներական խանդավառութիւնն ու ողորմութեան ջերմութիւնը։
«Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր կատարած աշխատանքին համար՝ ողջ աշխարհին մէջ։ Ձեզ կ՝օրհնեմ եւ կ՝աղօթեմ ձեզի համար այս Հոգեգալստեան Իննօրեային, որպէսզի դուք ըլլաք Սուրբ Հոգիի աւելի հնազանդ գործիքներ՝ Աստուծոյ ծրագիրներուն համաձայն», ըսաւ Քահանայապետը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
