Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Հօր եւ Հովիւի սրտով կը խնդրեմ ձեզմէ. Բոլորս հաւատալի եւ օրինակելի քահանաներ ըլլալու յանձնառու դառնանք

Վատիկանի մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Հռոմի թեմի կղերական դասի անդամները ու անոնց ուղղած պատգամը կեդրոնացուց քահանաներու միջեւ հաղորդութեան եւ միութեան կարեւորութեան վրայ։ Իր ընտրութենէն ետքը այս առաջին անգամն է որ Սրբազան Պապը պաշտօնական հանդիպում կ՛ունենայ Հռոմի կղերական դասին հետ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 12 յունիսին, Վատիկանի մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Հռոմի թեմի կղերական դասի անդամները։ Այս առաջին անգամն էր, որ Սրբազան Քահանայապետը, իր ընտրութենէն ետքը, պաշտօնական հանդիպում կ՛ունենայ իր Թեմի` Հռոմի Թեմի կղերական դասին հետ, որուն առիթով Ան ներկաներուն ուղղեց հայրական պատգամ մը, շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց մատուցած ծառայութեան համար՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան ի սպաս։

«Դուք տարբեր ծառայութիւններ կը մատուցէք, բայց բոլորդ թանկարժէք էք Աստուծոյ աչքերուն առջեւ ու Անոր ծրագիրի իրարանցման համար» ըսաւ Սրբազան Հայրը, եւ խօսքը կեդրոնացուց քահանաներուն միջեւ հաղորդութեան եւ միութեան կարեւորութեան վրայ, որոնք հիմնարար վկայութիւններ են աշխարհի մէջ հաւատալի վկայութեան մը համար, չնայած մշակութային եւ անձնական մարտահրաւէրներուն, ինչպէս յոգնութիւնն ու անհասկացողութիւնները։

Ամէնքս մէկ ըլլանք

«Սրտիս խօսող առաջին կէտն է, միութիւնն ու հաղորդութիւնը», ըսաւ Պապը աւեցնելով, որ «Յիսուս իր Հօրմէն խնդրեց, որ բոլորը մէկ ըլլան (Յովհ 17,20-23)։ Տէրը գիտէր, որ իր հետ միացած եւ մեր մէջ միացած ըլլալով կարող ենք պտուղ տալ եւ հաւատալի վկայութիւն տալ», ըսաւ Քահանայապետը ու հրաւիրեց կղերական դասի անդամները զօրացնելու քահանայական եղբայրութիւնը, որ արմատաւորուած է ամուր հոգեւոր կեանքի մէջ, սնուած Տիրոջ հետ հանդիպումով ու Անոր խօսքի ունկնդրութեամբ, որպէսզի կարողանան ապրիլ բարեկամութեան եւ փոխադարձ յարգանքի յարաբերութիւններով, նպաստելով Հռոմի Եկեղեցւոյ հովուական ծառայութեան ուղեւորութեան։

«Սակայն մենք պէտք է զգօն ըլլանք քանի, որ մշակութային միջավայրէն բացի, մեր միջեւ հաղորդութիւններն ու եղբայրութիւնը կը հանդիպին նաեւ խոչընդոտներու, որոնք այսպէս ըսուած՝ ներքին են, եւ կը վերաբերին թեմի եկեղեցական կեանքին, անձնական յարաբերութիւններուն, ինչպէս մեր սիրտին մէջ ապրուածին, մասնաւորապէս այդ յոգնութեան զգացումը, որ վրայ կը հասնի, որովհետեւ ապրեցանք յատուկ յոգնութիւններ, որովհետեւ մենք մեզ հասկցուած եւ ունկնդրուած չենք զգար եւ կամ այլ պատճառներու համար» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

Օրինակելի քահանաներ դառնալ

Ան ապա ընդգծեց օրինակելի քահանաները ըլլալու անհրաժեշտութիւնը՝ թափանցիկ եւ հաւատարիմ, դիմադրելով աշխարհի գայթակղութիւններուն եւ վառ պահելով սրբութեան իղձը, հետեւելով Սուրբերու եւ վկաներու օրինակին, ինչպէս Հայր Փրիմօ Մացցոլարին, Հայր Լորէնցօ Միլանին եւ Հայր Լուիճի Լիէկրին։

Քահանայապետը ապա խօսեցաւ իր սիրտին խօսող երկրորդ կէտի մասին, Քահանայական կեանքին մէջ օրինակելիութեան եւ թափանցիկութեան կարեւորութիւնը, յիշելով Սուրբ Պօղոսին խօսքը ուղղած Եդեսացիներուն, «Դուք գիտէք՝ թէ ես ինչպիսի վերաբերում ունեցայ ձեզի հանդէպ առաջին օրերէն ի վեր» (Գործ առաք 20,18) եւ ասկէ մեկնելով հրաւիրեց հաւատալի եւ հաւատարիմ քահանաները ըլլալ, ճանչնալով մարդկային սահմանափակումները, բայց գնահատելով ստացուած շնորհքը եւ ծառաներուն դերը։ Ան ապա յորդորեց Աշխարհի դժուարութիւններուն դիմաց, վառ պահելու Տիրոջ կոչը եւ խոնարհութեամբ ապրելու, որպէսզի Աւետարանի վկայութիւնը վերանորոգիչ ուժ դառնայ բոլորին համար։

«Հօր եւ Հովիւի սրտով կը խնդրեմ ձեզմէ. Եկէք բոլորս յանձնառու դառնանք հաւատալի եւ օրինակելի քահանաներու ըլլալու. Մենք գիտակից ենք մեր բնոյթի սահմաններուն եւ Տէրը մեզ խորապէս կը ճանչնայ. Մենք արտասովոր շնորհք ստացանք եւ մեզի վստահուեցաւ թանկարժէք գանձ մը, որուն ծառաներն ենք։

Մարգարէական տեսանկիւնէ նայինք աշխարհի մարտահրաւէրներուն

Քահանայապետը հուսկ խօսեցաւ իր սիրտին խօսող վերջին կէտին մասին, որ է Մարգարէական տեսանկիւնէն նայիլ աշխարհի մարտահրաւէրներուն, հրաւիրելով կղերական դասի անդամները մտածելու մեր ժամանակներուն մարտահրաւէրներուն մասին, ինչպէս բռնութիւններն, անհաւասարութիւնը, աղքատութիւնը, մեկուսացումը, որոնք կը ներառեն նաեւ Հռոմ քաղաքը ապա ընդգծեց այդ մարտահրաւէրները մարգարէական տեսանկիւնով դիմագրաւելու կարեւորութիւնը մեկնաբանելով զանոնք, որպէս աւետարանական եւ ընկերային նուիրուածութեան հնարաւորութիւններ։

Քահանայապետը պատգամը աւարտեց յորդորելով կղերական դասի անդամները ապրելու միութեան, օրինակելիութեան եւ մարգարէականութեան մէջ վստահելով իրենց կեանքը Աստուծոյ եւ աղօթելով միութեան համար, հետեւելով Սուրբ Օգոստինոսի սիրելու, եւ եկեղեցին ծառայելու կոչին։

«Սիրեցէք այս եկեղեցին, մնացէք այս եկեղեցւոյ մէջ։ Սիրեցէք բարի հովիւը, գեղեցիկ Փեսան, որ ոչ մէկը կը խափէ եւ չ՝ուզեր որ ոչ մէկը փճանայ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2025, 11:26