Lեւոն ԺԴ. Երգեցողութեան շնորհիւ հաւատացեալները լիարժէքօրէն կը մասնակցին Սուրբ Պատարագին
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 18 յունիսին, երեկոյեան ժամը, 6,30ին, Վատիկանի «Ռէճիա» անուան դահլիճին մէջ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ընդունեց երաժշտահան «Ճովաննի Փիեր Լուիճի տա Փալեսթրինա»ի ծննդեան 5-րդ դարադարձի առթիւ, «Տոմէնիքօ Պարթոլուչչի» հիմնադրամի նախաձեռնուած միջոցառումի մասնակիցները։
Նշենք` որ «Ճովաննի Փիեր Լուիճի տա Փալեսթրինա» ծնած է Փալեսթրինա՝ 1525 թուականին եւ մահացած է Հռոմի մէջ 1594-ին։ Ան Իտալացի երաժշտահան էր ու Եւրոպական վերածնունդի ամենակարեւոր անձնաւորութիւններէն մէկը։
Վերոյիշեալ միջոցառումին մասնակիցներուն փոխանցած պատգամին սկիզբը Սրբազան Պապը նշեց թէ «ունկնդրելէ ետք հրեշտակային ձայները, շատ աւելի լաւ պիտի ըլլար չխօսիլ եւ իրարու հրաժեշտ տալ այս գեղեցիկ փորձառութեամբ», ապա ողջունեց միջոցառումին բոլոր մասնակիցները իր ուրախութիւնը յայտնելով` «Տոմէնիքօ Պարթոլուչչի» հիմնադրամի կողմէ խթանուած եւ Վատիկանի նամակատունի կողմէ «Ճովաննի Փիեր Լուիճի տա Փալեսթրինա»-ի 500 ամեակի առթիւ կազմակերպուած նոր դրոշմաթուղթերուն թողարկումի նուիրուած միջոցառումին մասնակցելու համար։
Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ ընդգծեց «Ճովաննի Փիեր Լուիճի տա Փալեսթրինա» կարեւորութիւնը, որ հոգեւոր երաժշտութեան պատմութեան մէջ կարեւոր դէմք մըն էր, որ նպաստած է Սուրբ Պատարագի երգեցողութեան զարգացումին։
«Անոր ստեղծագործութիւնները՝ հանդիսաւոր եւ չարքաշ, ներշնչուած Գրիգորեան երաժշտութենէն սերտօրէն կը միացնեն երաժշտութիւնն ու ծէսը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու բարձր գնահատեց բազմաձայն երաժշտութիւնը նշելով, որ անիկա իմաստալից երաժշտութեան ձեւն մըն է, աղօթքի եւ քրիստոնէական կեանքի համար
«Հռոմէական բազմաձայն երգեցողութեան աւանդութիւնը, բացի արուեստի եւ հոգեւորականութեան հսկայական ժառանգութիւն ձգելէ, այսօր եւս երաժշտական ոլորտէն ներս կը շարունակէ մնալ յենակէտ, թէեւ անհրաժեշտ յարմարեցումներով հոգեւոր եւ ծիսական ստեղծագործութիւններուն մէջ, որպէսզի երգեցողութեան միջոցաւ հաւատացեալները լիարժէքօրէն եւ գիտակցաբար մասնակցին սուրբ Պատարագին», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը` ու պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց` որոնք իրականացուցին այս հանդիպումը վստահեցնելով բոլորին համար իր աղօթքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
