Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը  (@VATICAN MEDIA)

Լեւոն ԺԴ. Շարունակել Վատիկանեան Տիեզերական ժողովի կողմէ խթանուած վերանորոգումը

Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը Սուրբ Պենետիկտոսի «Վալլոմպրոսանա» միաբանութեան տարեկան ընդհանուր ժողովին մասնակիցներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 28 յունիսին, Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց Սուրբ Պենետիկտոսի «Վալլոմպրոսանա» միաբանութեան տարեկան ընդհանուր ժողովին մասնակիցները ու այս առթիւ արտասանած պատգամին սկիզբը ողջունեց վերոյիշեալ միաբանութեան նորընտիր աբբահայրը շնորհակալութիւն յայտնելով միաբանութեան բոլոր անդամներուն «այն պարգեւին համար, որ կը ներկայացնէ ձեր վանական կեանքը»։

Պատգամին մէջ Քահանայապետը անդրադառնալով վերոյիշեալ միաբանութեան պատմութեան սկիզբին ընդգծեց, թէ Սուրբ Յովհաննէս Կուալպէրթօ արձագանգեց իսկական եւ հոգեւոր կեանքի կոչումի՝ մեծ փոփոխութիւններուն եւ վախերուն պատմական միջավայրէն ներս։

Լեւոն ԺԴ Պապը նշեց որ վերոյիշեալ Միաբանութեան սկիզբի փխրունութիւնը կարող է ոգեշնչումի, մխիթարութեան աղբիւր ըլլալ ներկայի համար, յիշելով թէ՝ թէեւ նուազ ուժեղ ենք  աւելի տարեց եւ շատ անգամ վիրաւորած,  Աւետարանը՝ անկեղծօրէն ընդունուած կը շարունակէ տարածել իր գեղեցկութեան բոյրը։ Քահանայապետը հրաւիրեց վառ պահելու քրիստոնէական կեանքը բարեփոխելու, նորոգելու եւ պարզեցնելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարենայ բանալ հորիզոններ եւ հարստացնել իւրաքանչիւր մարդկային գոյութիւնը։

Պատգամին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը նշեց, որ 1973 թուականին, Սուրբ Պօղոս Զ յիշեցուց վերոյիշեալ միաբանութեան հիմնադիրի եւ միաբաններուն դերը՝ շեշտելով աղօթքի եւ առաքելութեան իսկական աղբիւրներուն վերադառնալը, որպէս «nova conversio»-ի եւ նոր կեանքի թթխմորի օրինակ։

Քահանայապետը վերանորոգեց Ֆրանչիսկոս Պապի յորդորը շարունակելու Վատիկանի Տիեզերական Բ Ժողովի կողմէ խթանուած նորոգումը, նպատակ ունենալով ուշադիր եւ մօտիկ ըլլալ աղքատներուն նկատմամբ ամրապնդելով միութեան կապերը միաբանութիւններուն միջեւ եւ ժամանակակից աշխարհի հետ։

Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով իր պատգամը  ընդգծեց, որ կարեւոր է հաւատարիմ մնալ կանոնին, երկխօսիլ աշխարհի հետ եւ ապրիլ հոգեւորականութիւնը, որ կը միացնէ աղօթքը, աշխատանքն ու ուրախութիւնը առօրեայի մէջ ու Հրաւիրեց ըլլալու ուշադիր եւ հիւրընկալ վկաներ՝ դէպի առջեւ յոյսի նայելով ու եղբայրներուն հանդէպ  սէր ունենալով։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/06/2025, 12:03