Որոնել

Աւստրիայ, Կրազ, դպրոց Աւստրիայ, Կրազ, դպրոց 

Լեւոն ԺԴ. «Կ՝աղօթեմ Կրազ դպրոցին մէջ տեղի ունեցող ողբերգութեան զոհերուն համար»

Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը յիշեց Աւստրիոյ մէջ դպրոցէ մը ներս տեղի ունեցած կրակոցներուն հետեւանքով զոհուած 11 անձերը՝ վստահեցնելով Իր մօտիկութիւնը «ընտանիքներուն, ուսուցիչներուն եւ դասընկերներուն»։ Քահանայապետը ողջունեց Հռոմ ուխտագնացութեամբ ժամանած հաշուապահները, յորդորելով զանոնք աշխատելու արդար «տնտեսական աճի» համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 11 յունիսին, հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Լեւոն ԺԴ. Պապը յիշեց այն դէպքը, որ երեկ՝ 10 յունիսին, ցնցեց միջազգային հանրութիւնը. Աւստրիոյ երկրորդ խոշորագոյն քաղաքի, Սթիրիայի, Պորկ Տի Կրազ դպրոցին մէջ տեղի ունեցած կոտորածը, ուր նախկին աշակերտ մը կրակ բացաւ դպրոցականներուն վրայ  պատճառելով 11 զոհ, որոնց շարքին 9 աշակերտներ եւ 30 վիրաւոր` աշակերտներու ու դասատուներու շարքին, որոնցմէ մի քանիները  կը գտնուին ծանր վիճակի մէջ։

Զոհերու շարքին կան 14էն 18 տարիք ունեցող դպրոցականներ, ինչպէս նաեւ չափահաս մը։ Մահացած է նաեւ կոտորածի ենթադրեալ մեղաւորը, որ ըստ երեւոյթին անձնասպան եղած է։ Կրազի հիւանդանոց տեղափոխուած է վիրաւորներէն մէկը ու մահացած է յարձակումէն մի քանի ժամ ետք։

«Կը փափաքիմ հաւաստիացնել իմ աղօթքներս Կրացի դպրոցին մէջ տեղի ունեցած ողբերգութեան զոհերուն համար։ Ես մօտ եմ ընտանիքներուն, ուսուցիչներուն եւ դասընկերներուն։ Թող Տէրը իր խաղաղութեան մէջ ընդունի իր այս զաւակները», ըսաւ Լեւոն ԺԴ.

«Ամբողջականութեան» եւ «պատասխանատուութեան» տնտեսութիւն

Ան ի միջի այլոց կոչ ուղղեց նաեւ հաշուապահներուն եւ հաշուապահութեամբ զբաղող Իտալացի եւ միջազգային փորձագէտներուն, որոնք Հռոմ ժամանած են ուխտագնացութեամբ խրախուսելով զանոնք գործել, «տնտեսական աճի» մը ի սպաս, որ կողմնորոշուած ըլլայ բարոյականութեամբ եւ արդարութեամբ, որ ձեռք կը բերուի «համապարփակ» եւ պատասխանատու»» գործերով։

Քահանայապետը ապա գնահատեց հաշուապահներու աշխատանքը ըսելով անոնց, «Դուք նշանակալից դեր կը կատարէք ֆինանսական միջոցներուն կառավարման մէջ, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներու եւ ընկերութիւններուն աջակցելու գործին մէջ»։

Սուրբ Երրորդութեան տօնը

Յիշելով հուսկ յառաջիկայ կիրակի օր նշուելիք Սուրբ Երրորդութեան տօնը, Լեւոն ԺԴ. մաղթեց որ այդ «խորհուրդի» մասին խոկալը իւրաքանչիւր հաւատացեալ միշտ աւելիով առաջնորդէ «Աստուածային սիրոյ մէջ», որպէսզի «իւրաքանչիւր հանգրուանին մէջ կատարէ Տիրոջ կամքը»։

Մշակել Սիրտ Յիսուսի աւանդութիւնը

Լեհ հաւատացեալներուն ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ Քահանայապետը յիշեց Յիսուսի Սուրբ Սիրտին պաշտամունքը, որ աւանդաբար կը նշուի յունիս ամսոյն մէջ. «Ձեզ կը քաջալերեմ զարգացնել այս աւանդութիւնը» յորդորեց Պապը հրաւիրելով զանոնք իրենց յոյսերն ու մտահոգութիւնները վստահելու այդ «կեանքի եւ փրկութեան աղբիւրին»։ «Վստահութեամբ խնդրեցէք Տիրոջմէ, որ ձեզի յայտնէ Իր Սիրտը եւ լսէ ձեր աղաղակը»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/06/2025, 12:17