Lեւոն ԺԴ. Թող դադրին զէնքերը եւ երկխօսութեան միջոցաւ աշխատանք տարուի խաղաղութեան համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Կիրակի 29 յունիսին, Առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած աղօթքէն ետք Լեւոն ԺԴ. Պապը կոչ յղեց որուն մէջ նախ իր մօտիկութիւնը ապահովուեց Կեդրոնական Ափրիկէի մայրաքաղաք՝ Պանկուիի “Barthélémy Boganda անուան դպրոցի հասարակութեան, որոնք սգան ողբերգական արկածի համար, որ պատճառ դարձաւ բազմաթիւ մահերու եւ վիրաւորներուն, որոնց շարքին աշակերտներ։ Թող Տէրը սփոփէ ընտանիքներն ու ողջ համայնքը» ըսաւ Սրբազան Հայրը։
Քահանայապետը ապա ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը գտնուող բոլոր հաւատացեալները, յատուկէն Հռոմի հաւատացեալները, Պաշտպան սուրբերուն տօնին առթիւ, ինչպէս նաեւ Հռոմի ժողովրդապետութիւններուն մէջ ծառայող քահանաները, քաջալերելով զանոնք եւ շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց մատուցած ծառայութեան համար։
Կոչին մէջ Նորին Սրբութիւն յիշեց նաեւ, թէ այսօր Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներուն տօնին օրը կը նշուի Սուրբ Պետրոսի գանձանակի նուիրուած օրը, «որ Պապին հետ հաղորդութեան ու Անոր առաքելական ծառայութեան նշան է», շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց որոնք նուիրատուութեամբ կը զօրակցին Սուրբ Պետրոսի յաջորդին առաջին քայլերուն։
Քահանայապետը ապա օրհնեց բոլոր անոնք որոնք կը մասնակցին «Quo Vadis?» անուան միջոցառումին, Սուրբ Պետրոսի եւ Պօղոսի յիշատակի Հռոմէական վայրերով ու շնորհակալութիւն յայտնեց միջոցառումի կազմակերպիչներուն, միջոցառում մը, որ կ՝օգնէ ճանչնալու եւ մեծարելու Հռոմի Սուրբ Պաշտպանները։
Լեւոն ԺԴ. Պապը կոչը աւարտեց ողջունելով տարբեր երկիրներէն ժամանած հաւատացեալները, որոնք ընկերացան այսօր իրենց Պալլիումը ստացող արքեպիսկոպոսներուն ու հրաւիրեց աղօթելու որպէսզի ամենուրեք լռեն զէնքերը եւ աշխատանք տարուի խաղաղութեան համար՝ երկխօսութեան միջոցաւ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
