Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Եկեղեցիներու մէջ միութիւնը կը ստեղծուի վստահութեամբ եւ ներողամտութեամբ։

Լեւոն ԺԴ. Պապին խորհրդածութիւնը կիրակի 29 նոյեմբերին, Մարեմեան աղօթքի ընթացքին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 29 յունիսին, կէսօրին, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ, Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներուն տօնին առթիւ գլխաւորած Սուրբ Պատարագէն ետք, Լեւոն ԺԴ Պապը, Առաքելական պալատին իր գրասենեակին պատուհանէն արտասանեց կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը եւ ներկայացուց փոքրիկ խորհրդածութիւն մը, որուն մէջ ըսաւ .

Այսօր՝ Հռոմի եկեղեցւոյ մեծ տօնն է, որ ծնած է Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներուն վկայութենէն եւ բեղմնաւորուած անոնց եւ բազմաթիւ նահատակներուն արիւնէն։ Մեր օրերուն նաեւ, ողջ աշխարհին մէջ կան Քրիստոնեաներ, զանոնք Աւետարանը կը դարձնէ առատաձեռն եւ համարձակ՝ նոյնիսկ իրենց կեանքի գինով։ Այսպէսով գոյութիւն ունի համամիութենական արիւն, անտեսանելի եւ խոր միութիւն քրիստոնեայ եկեղեցիներուն միջեւ, նաեւ անոնք որոնք չեն ապրիր իրարու միջեւ լիարժէք եւ տեսանելի միութիւն։ Հետեւաբար այս տօնին առիթով կը փափաքիմ հաստատել, որ Հռոմի Եկեղեցին նուիրուած է Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներուն արիւնով՝ բոլոր եկեղեցիներու միջեւ հաղորդութիւնը խթանելու համար։ Ժայռը, որմէ Պետրոս կը ստանայ իր անունը, Քրիստոս է։ Քար մը որ մերժուած է մարդոց կողմէ եւ որ Աստուած դարձուց անկիւնաքար (Մատթ 21,42)։

Այս հրապարակը եւ Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս Պապական պազիլիքաները մեզի կը պատմեն, թէ ինչպէս միշտ կը  շարունակուին այդ վերիվայրումը։ Անոնք կը գտնուին հին քաղաքին եզրին, «fuori le mura-պարիսպներէն դուրս», ինչպէս կ՝ըսեն մինչեւ այսօր։ Այն ինչ, որ մեզի համար փառաւոր կը թուի, սկիզբը մերժուած եւ վտարուած է, որովհետեւ կը հակասէ աշխարհիկ մտայնութեան հետ։ Ան որ կը հետեւի Յիսուսին, Երանութիւններուն ուղիին վրայ քալելու մէջ կը գտնուի, ուր հոգիին աղքատութիւնը, ողորմութիւնը, անօթութիւնը, արդարութեան ծարաւը, հեզութիւնը, խաղաղութեան համար աշխատիլը՝ հակադրութիւն եւ հալածանք կը գտնեն։ Այնուամենայնիւ, Աստուծոյ փառքը կը փայլի անոր բարեկամներուն մէջ եւ ուղեւորութեան ընթացքին զանոնք կը ձեւաւորէ դարձի գալու մէջ։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Առաքեալներուն գերեզմաններուն մօտ՝ հազարամեայ ուխտագնացութեան վայրին մէջ, մենք նոյնպէս կը յայտնաբերենք,  որ կրնանք ապրիլ դարձի գալով։ Նոր Կտարականը չթաքցներ անոնց սխալները, հակասութիւններն ու մեղքերը, որոնք մենք կը մեծարենք որպէս մեծագոյն առաքեալներ։ Անոնց մեծութիւնը ձեւաւորուած է ներողամտութեամբ։ Յարուցեալը մէկէ աւելի գնաց զանոնք Իր ճանապարհին վրայ վերադարձնելու համար։ Յիսուս երբեք մէկ անգամ չկանչեր։ Ահա թէ ինչու ամէնքս կրնանք միշտ յուսալ, ինչպէս նաեւ Յոբելեանը մեզի կը յիշեցնէ։

Քոյրեր եւ եղբայրներ, Եկեղեցւոյ եւ Եկեղեցիներուն միջեւ միութիւնը կը սնուի ներողամտութեամբ եւ փոխադարձ վստահութեամբ։ Մեր ընտանիքներէն ու հասարակութիւններէն սկսեալ։ Եթէ Յիսուս մեր վրայ կը վստահի, մենք եւս պէտք ենք վստահիլ մէկը միւսին՝ Իր անունին մէջ» ըսաւ Քահանայապետը ու խորհրդածութիւնը աւարտեց հայցելով «Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներու եւ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը, որպէսզի այս տանջուած աշխարհին մէջ եկեղեցին ըլլայ հաղորդութեան տուն եւ դպրոց»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/06/2025, 11:29