Որոնել

Դամասկոսի Սուրբ Եղիա եկեղեցին Դամասկոսի Սուրբ Եղիա եկեղեցին  (AFP or licensors)

Լեւոն ԺԴ. խորապէս տխրած է իմանալով Դամասկոսի Յոյն ուղղափառ Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ ողբերգական լուրը

Վատիկանի Պետական քարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Լեւոն ԺԴ. Պապին անունով ցաւակցական հեռագիր յղեց Դամասկոսի Տուէյլըա շրջանը գտնուող յոյն ուղղափառ Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ ահաբեկչական յարձակումի կապակցութեամբ։ Քահանայապետը կ՝աղօթէ զոհերուն հոգիներուն եւ վիրաւորներուն շուտափոյթ ապաքինումին համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի Պետական Քարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Լեւոն ԺԴ Պապին անունով ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Դամասկոսի Տուէյլըա շրջանը գտնուող յոյն ուղղափառ Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ ահաբեկչական յարձակման վերաբերեալ։

Վատիկանի Պետական քարտուղարը հեռագիրին մէջ նշեց, որ Լեւոն ԺԴ. Պապը խորապէս տխրած է իմանալով Դամասկոսի յոյն ուղղափառ Սուրբ Եղիա եկեղեցւոյ մէջ կատարուած ահաբեկչական լուրը ու Նորին Սրբութիւնը Իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ, բոլոր անոնց որոնք թիրախ դարձան այդ ողբերգութեան։ Յանձնելով զոհերուն հոգիները Ամենակալ Հօր Ողորմածութեան, Լեւոն ԺԴ« Պապը իր աղօթքը կ՝ապահովուէ բոլոր անոնց որոնք կ՝ողբան իրենց սիրելիներուն կորուստը, ինչպէս նաեւ վիրաւորներուն ապաքինումին համար։

Վատիկանի Պետական Քարտուղարը հեռագիրը աւարտեց նշելով, որ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Ամենակալ Աստուծմէ կը հայցէ մխիթարութեան, ապաքինումի եւ խաղաղութեան պարգեւները ողջ ազգին վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/06/2025, 14:25