Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Պապը Ուքրանացի ուխտաւորներուն. Ես կը կիսեմ ձեր ցաւը անիմաստ պատերազմին համար

Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը Սուրբ Պետրոսի դամբարանը այցելելու ուխտագնացութեամբ Հռոմ ժամանած Ուքրանիոյ մէջ Յոյն Կաթողիկէ եկեղեցւոյ խումբ մը հաւատացեալներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 28 յունիսին, Լեւոն ԺԴ. Պապը, Վատիկանի մէջ ընդունեց Սուրբ Պետրոսի դամբարանը այցելելու ուխտագնացութեամբ Հռոմ ժամանած Ուքրանիոյ Յոյն Կաթողիկէ եկեղեցւոյ խումբ մը հաւատացեալներ, ընկերակցութեամբ Քիեւի արքեպիսկոպոս, Գերպ Սվիաթոսլաւ Չեւչուքին։

Արտասանած պատգամին մէջ քահանայապետը նշեց, որ ուխտագնացութիւնը հաւատքը վերանորոգելու եւ Հռոմի եպիսկոպոսին հետ հաղորդութիւնը ամրապնդելու փափաքի նշան է, ինչպէս նաեւ յոյսի վկայութիւն է, քանի որ յոյսը երբեք յուսախաբ չձգեր, որովհետեւ Սուրբ Հոգիէն կը ծնի եւ մեր սիրտերուն մէջ սփռուած է Սուրբ Հոգիով, (Հռոմ 5,5)։ «Յոբելինական Սուրբ Տարին հրաւէր է՝ մեր կեանքին մէջ այդ յոյսի ուխտաւորները դառնալու, չնայած ներկայ ժամանակներուն դժուարութիւններուն», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով որ Ուքրանացի ժողովուրդին ունեցած զօրաւոր հաւատքը բեղմնաւորուած է բազմաթիւ սուրբերու աւետարանի վկայութեամբ, ընդգծելով որ «հաւատքը գանձ մըն է, որ պէտք է կիսել ու ամէն ժամանակ իր հետը կը բերէ դժուարութիւններ, մարտահրաւէրներ, նաեւ հնարաւորութիւններ՝ աճելու համար Աստուծոյ վստահութեան եւ նուիրուածութեան մէջ«։

Լեւոն ԺԴ. Պապը պատգամին մէջ նշեց որ Ուքրանացի ժողովուրդին հաւատքը խիստ փորձութեան ենթարկուած  է  եւ շատեր պատերազմը սկսելէն ի վեր հարց կու տան Տիրոջ ըսելով, Տէր ո՞ւր ես եւ ինչո՞ ւ այս բոլորը, Տէր ի՞նչ պիտի կատարենք ՝մեր ընտանիքները, տուները եւ հայրենիքը փրկելու համար։ «Հաւատալ չնշանակեր ունենալ բոլոր պատասխանները, այլ վստահիլ, որ Աստուած մեր հետն է եւ մեզի իր շնորհքը կու տայ եւ Աստուած վերջին խօսքը պիտի ունենայ եւ կեանքը պիտի յաղթէ մահուան», ըսաւ Ան աւելցնելով, որ Սուրբ Կոյս Մարիամը, որ շատ սիրելի է Ուքրանիոյ ժողովուրդին համար, Իր հեզ եւ քաջ «Այո» ով աշխարհին առջեւ փրկութեան դուռը բացաւ եւ վստահեցուց, որ մեր պարզ եւ անկեղծ «այո»ն, Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ կրնայ միջոց դառնալ՝ մեծ բան մը իրականացնելու համար։ Այս առումով Քահանայապետը Ուքրանացի հաւատացեալներէն խնդրեց ,որ իրենց ազգակիցներուն հետ կիսեն, թէ այսօր «այո» ըսելը կրնայ հաւատքի, յոյսի եւ խաղաղութեան հորիզոններ բանալ, յատուկէն տառապողներուն համար։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը եզրափակեց իր մօտիկութիւնը յայտնելով Ուքրանացի ժողովուրդին, մանուկներուն, երիտասարդներուն, տարեցներուն, ընտանիքներու, ու բոլոր անոնց որոնք կ՝ողբան իրենց սիրելիներուն կորուստին համար ու Տիրոջ յանձնելով բոլորին դիտաւորութիւնները, յոգնութիւնները, առօրեայ տառապանքները, մասնաւորաբար խաղաղութեան իղձեր քաջալերելով, որ հաւատացեալները միասին քալեն իրենց հովիւներուն հետ իրենց հայեացքը սեւեռած պահելով Յիսուսի վրայ,  որ մեր փրկութիւն է ։

Հայցելով Սուրբ Կոյսի Մարիամի հովանին, Քահանայապետը պատգամը աւարտեց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը Ուքրանացի հաւատացեալներուն, ընտանիքներուն,  եկեղեցւոյ եւ ողջ ժողովուրդին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/06/2025, 10:17